Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Գէորգ Ե. Կաթողիկոսէն Ետք Ի՞նչ Եղան Երեւանի Հայ Եկեղեցիները

92-Ամեակ Մեծ Հայրապետին

1930-2022

Սովետական Առաջին Երկու Տասնամեակներուն

Ս.Պօղոս-Պետրոս եւ Ս. Կաթողիկէ Եկեղեցիները

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վեց Եկեղեցիներու Ճակատագիրը

            92 տարիներ անցան 1930 թուի Մայիսի 8-ին Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանումէն ասդին։ Հազիւ ամիս մը անցած իր վախճանումէն որուն կը սպասէին, Երեւանի հնագոյն եկեղեցիները քանդուելու վտանգին ենթարկուեցան Հայաստանի համայնավար կառավարութեան հրահանգով։ Կը սպասէին Հայրապետի մահուան կարենալ ձեռնարկելու այդ ոճրապարտ արարքին։

            1924 թուին Երեւանի մէջ կային գործող վեց հայ եկեղեցիներ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս.Պօղոս-Պետրոս, Ս. Կաթողիկէ, Ս. Սարգիս, Ս. Զօրավար եւ Ս. Յովհաննէս։ 1930-ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն կայացած Համայնավար Կուսակցութեան 16-րդ համագումարը վերահաստատեց Լենինի վճռական դիրքն ու հրահանգը կրoնքին եւ եկեղեցիին հանդէպ, յայտարարելով որ «Կուսակցութիւնը պէտք է ամրապնդի եւ զարգացնի կրօնի յետադիմական ազդեցութիւնից ազատագրումը»։ Որպէս անմիջական հետեւանք իսկոյն եկեղեցիներու քանդումն ու փակումը շարունակուեցան որքան ատեն որ հակակրօն քաղաքականութիւնը կ՛ամրանար երկրին մէջ։

Սուրբ ՊօղոսՊետրոս Հնագոյն Եկեղեցին

            Եկեղեցիներու քանդումն ու բռնագրաւումը հետապնդելու լուրջ քայլեր սկսան առնուիլ ինչպէս Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ, նոյնպէս նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր ծրագրեցին եւ գործադրեցին Երեւանի յիշեալ Ս. Պօղոս-Պետրոս եւ Ս. Կաթողիկէ հնագոյն եկեղեցիներուն քանդումը։

            Առաջքն առնելու համար այդ ոճիրին, Հայաստանի պատմական յուշարձաններու պահպանութեան յանձնաժողովի նախագահ եւ յայտնի ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան, որ նոյն տարիներուն ներկայ Երեւան քաղաքի ընդհանուր, հոյակապ, համապարփակ եւ լիակատար ճարտարապետական նախագիծը պատրաստողը եղաւ, զգալով գալիք վտանգը, երկու նամակներ գրեց 1930 Փետրnւար 6 եւ Մարտ 2 թուակիր իրեն հետ գիտաշխատող ընկերոջ Աշխարհաբեկ Քալանթարեանի հետ միասին, դիմելով Հայաստանի լուսաւորութեան կոմիտէի նախագահ Ա. Եղիազարեանին, բացատրելով թէ ինչ մեծ սխալ պիտի գործուէր քանդելով Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին որ «կառուցուած է 1679 թուի մեծ երկրաշարժից անմիջապէս յետոյ»։

            Նամակները կը հաստատէին թէ «Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին ամենահին շէնքերից մէկն է», զգուշացնելով որ եկեղեցին իր վրայ պատմական բազմաթիւ արձանա-գրութիւններ եւ քանդակներ ունէր, «եւ իր ամբողջութեամբ ներկայացնում է 17-րդ դարում հայ ճարտարապետական պատկերը»։ Յանուն յուշարձաններու պաշտպանութեան յանձնա-ժողովին, Թամանեան եւ Քալանթարեան կը խնդրէին որ այդ քայլը չառնուէր, եւ եկեղեցին որ կառուցուած էր Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ՝ չքանդուէր, «մանաւանդ որ նրա կանգուն մնալը չի խանգարում նրա շուրջը քաղաքացիական շէնքեր կառուցելու»։

            Ի պատասխան գրուած նամակներուն Ալեքսանդր Թամանեան կը ստանար անբարեխիղճ գրութիւն մը ըսելով որ թէեւ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին Երեւան քաղաքի յատակագիծին եւ ընդհանուր ճարտարապետական ծրագրին արգելք չէր հանդիսանար, «սակայն այդ դեռ չի նշանակում որ քաղխորհուրդը կարող է հանդուրժել որպէսզի այդ եկեղեցին կանգուն թողնուի իր շրջակայքի կառուցուելիք նոր տների մէջ»։ Պետութիւնը ամէն բանէ վեր «չէր հանդուրժեր» եկեղեցիներու ներկայութիւնը, մնաց որ անոր հոգը ըլլար թէ ի՛նչ հարստութիւն, կրօնական ի՛նչ սրբութիւն, ճարտարապետական ի՛նչ կոթողներ պիտի քանդուէին իրենց հիմերէն, քանդելով նաեւ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ բարոյական կապը այդ սրբավայրերուն հետ։

Եկեղեցիներուն Տխուր Ճակատագիրը

            Հակառակ եղած միջազգային արուեստագէտներու արգելքին, որոնք Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ ներքին նկարազարդումները եւ արտաքին քանդակները անկրկնելի արուեստի գործ նկատեցին, շատ ջանացին Հայաստանի կառավարութեան մտքէն հեռացնել եկեղեցին քանդելու անարգ որոշումը։ Սակայն ամէն ինչ ի զուր անցաւ, եւ 1930 նոյեմբեր 6-ի Երեւանի քաղաքային խորհուրդի նիստին որոշեցին քանդել զայն, «նկատի առնելով որ այդ եկեղեցու շէնքը չունի ոչ մի ճարտարապետական արժէք», եւ իսկոյն քանդեցին զայն։

            Երեւանի միւս երկու եկեղեցիները եւս, Սուրբ Լուսաւորիչն ու Սուրբ Կաթողիկէն վտանգուեցան, եւ 1931 Օգոստոս 18-ին Վաղարշապատի շրջանի քաղխորհուրդի նախագահ Լ. Վարդունի կոչեցեալը դիմելով Մայր Աթոռի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին պահանջեց Երեւանի Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցիին բանալիները։ Մայր Աթոռոյ Տեղակալ Խորէն Արք-եպիսկոպոս Մուրատբէկեան մերժեց պահանջքին ընթացք տալ, քաջ գիտնալով որ պետութիւնը եկեղեցին գրաւելով պիտի յանձնէր հեստեալ եւ մահամերձ «Ազատ եկեղեցականներուն»։ Տեղակալը «ամէն գնով որոշեց պահպանել եկեղեցին անարգելուց», առարկելով որ Մայր Աթոռը ինք պիտի բանակցի կառավարութեան հետ եւ հասկցնէ պահանջքին անօրէն եւ անարդար ըլլալը։ Օգոստոս 27-ին պետութիւնը կրկին պահանջեց եկեղեցւոյ բանալիները, պատրուակելով որ եկեղեցին երկու յաջորդական տարիներու ընթացքին չէր գործածուած կրօնական համայնքին կողմէ, եւ թէ պետական օրէնքով նման շէնք մը «համարւում է փակուած»։

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Միջամտութիւնը

            ԳՀԽ-ը 1931 Սեպտեմբեր 1-ին Երեւան ուղարկեց Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանը կառավարութեան հետ բանակցելու համար եղած պահանջքին դէմ, սակայն ղեկավարութիւնը չընդունեց զինք, պատրուակելով որ երկրին նախագահն ու տեղակալը կը բացակայէին քաղաքէն։ Անդին, Երեւանի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ճակատագիրը վճռած էին արդէն Օգոստոս 30-ին, «վարչական կարգով բանալով եկեղեցին եւ կազմել համապատասխան ակտ եւ յանձնել զայն Ազատ եկեղեցականներին»։ Սա կը նշանակէր առանց բանալիները ունենալու եկեղեցւոյ դռները բռնի կերպով խորտակելու եւ շէնքին տիրանալու։ Իսկ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ արդէն իսկ յանձնուած էր հեստեալ խումբին, որոշեցին ոչ թէ վերադարձնել իրաւատիրոջ՝ Մայր Աթոռին, այլ «տրամադրել մարտնչող անաստուածների միութեան» կեդրոնական խորհուրդին։ Այս ձեւով Երեւանի կեդրոնական երեք հայ եկեղե-ցիներէն երկուքը՝ Ս. Պօղոս-Պետրոսն ու Ս. Կաթողիկէն կը քանդուէին եւ միւսը՝ Ս. Լուսաւորիչը բռնի կը յանձնուէր Մայր Եկեղեցւոյ դէմ ապստամբող հերձուածողներուն եւ անաստուածներուն։

Տեղակալ Խորէն Արքեպիսկոպոսի Դիմումը

            Հակառակ այս բոլորին կորովի Խորէն Արքեպիսկոպոս 1931 Սեպտեմբեր 10-ին, յատուկ նամակով կը դիմէր կառավարութեան պնդելով որ «յիշեալ եկեղեցին հանգած չպիտի համարել», պատճառաբանելով անոր երկու տարիներու չգործածուիլը որուն իսկական պատճառը պետութեան պարտադրած անտանելի տուրքն էր եւ քահանայից դէմ շղթայազերծուած հալածանքը։ Տեղակալ Խորէն Արքեպիսկոպոս յանուն Մայր Աթոռի կ՛առաջարկէր Ս. Կաթողիկէ եկեղեցին իր համայնքին վերադարձնել եւ չգրաւել Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին, որոնց նկատմամբ քաղաքային խորհուրդի նախկին նախագահ Սեդրակ Մարգարեան «խոստացել էր թոյլատրել» գոնէ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հրաւիրել տալ Մայր Եկեղեցւոյ հաւատացեալները «համայնական ժողով գումարելու եւ յայտնաբերելու համայնքին կամքը եւ ըստ այնմ տրամադրելու յիշեալ եկեղեցին»։

            Նոյն առիթով Տեղակալ Սրբազանը իր նոյն նամակը կը փակէր հարց դնելով Հայաստանի կառավարութեան թէ ի՛նչ էր պատճառը որ այդքան մեծ արժէք կը տրուէր հերձուածողներուն որոնք «անարգուած են թէ՛ համամիութենական հայ հաւատացեալների եւ թէ՛ գաղութահայութեան կողմից», տակաւին հաշուի չառնելով միլիոնաւոր հայ հաւատաց-եալներու կապը Ս. Էջմիածնի Ընդհանրական Հայրապետութեան հետ։

Անպատկառ Մերժում եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քանդումը

            Հայաստանի իշխանութիւնները մերժեցին եղած խնդրանքն ու տրուած բացատրութիւնները ու պաշտօնականացուցին իրենց ապօրինի գրաւումներն ու փոխանցումները  Սուրբ Կաթողիկէ եւ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նկատմամբ։ Հոս սակայն չէր աւարտեր յիշեալ եկեղեցիներուն ճակատագիրը, գէթ Կաթողիկէ եկեղեցիի պարագային որ անխղճօրէն իր վախճանը գտաւ բռնի քանդումով՝ 1937-ի մայիսին։ Կաթողիկէ եկեղեցին եւս հին դարերէն կուգար որուն հնագէտներ 7-րդ դարը կը ճշդէին։ Շէնքին վերակառուցումը տեղի ունեցած է 10-11րդ դարերուն, եւ «զարմանալիօէն մինչեւ այժմ մնացեր էր նոյնութեամբ» դիմանալով 1679 թուականի Երեւանի մեծ երկրաշարժին։

Ճարտարապետ Կարօ Ղաֆադարեան

            Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քանդումը կանխելու եւ անոր պատմական ու հնագիտական արժէքը ցոյց տալու համար յայտնի ճարտարապետ պատմագէտ Կարօ Ղաֆադարեան կը գրէր թէ 1936-ի վերջերը Երեւան քաղաքի նոր յատակագծի բարեփոխութեան հետեւանքով  կը քանդուէր եկեղեցին, եւ հակառակ եղած բազմաթիւ բողոքներուն կարելի չէր եղած իշխանութեանց ծրագրէն դուրս ձգել տալ եկեղեցւոյ քանդումը, որուն ինք Ղաֆադարեան դժբախտ ականատեսն էր եղած «հետեւելով քանդումներին եւ ապահովել բեկորները եւ պահպանել զանոնք»։ Եկեղեցւոյ քանդումը սկսած է 1936 դեկտեմբերին եւ աւարտած յաջորդ տարուան մարտին, որ յատուկ մտադրութեամբ երկար տեւեց «յաճախակի մեր գրած արգելքների պատճառով»։

Գիտնական Աշխարհաբեկ Քալանթարեան

            Իր բողոքը բարձրացուցած է նաեւ գիտնական Ա. Քալանթարեան յիշեցնելով որ  17-րդ դարու այդ եկեղեցւոյ գմբէթին տակ կը գտնուէր կարեւոր եւ ընդարձակ արձանագրութիւն մը, որուն հետ միասին ամբողջ տաճարը հնագոյն պատմութեան եւ հայ արուեստի կոթող մըն էր, «ուստի եւ անթոյլատրելի է նրանց ոչնչացումը այս ձեւով»։ Նոյն տարին պետական որոշումով փակուեցան Երեւանի Ս. Սարգիս եւ Լենինականի միակ գործօն Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Երեւանի մէջ կը մնային Ս. Զօրավար եւ Ս. Յովհաննէս գործօն եկեղեցիները։ Եկեղեցիներէն ետք կառավարութեան աչքին հեշտ չէին երեւար Հայաստանի հնադարեան վանքերը զորս եւս բռնի կերպով պիտի փակէին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ