Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մոլորակը Կքած Է Մեր Բեռի Տակ

Հասարակութեան պահանջքներու աճին զուգընթաց, կ’աճին նաեւ բոլոր ոլորտներու առաջարկները։ Անոնցմէ շատ շատերը բնական ռեսուրսներու օգտագործման հիման վրայ կը գոյանան։ Եթէ որոշ պարագաներուն իւրօրինակ խորտկագիտական, նիւթաթեխնիկական, ելեկտրոնային շուկայական նորութիւնները կ’արտադրուին վերաթողարկուող  բնական ռեսուրսներու հաշուոյն, այլ պարագաներուն, ոլորտներուն մէկ մասը, հիմնովին կը քայքայէ մոլորակի բնակլիմայական պայմանները, ընդ որում` որոշ պարագաներուն՝  անվերադարձ։

Այդ տեղի կ’ունենայ մարդու առօրեայ կենցաղին պատճառով։ Վառելիքի՝ քարիւղի, ածուխի, կազի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ անտառահատումները, զգալիօրէն աւելցուցած են ածխաթթու կազի (CO2) եւ ջերմոցային այլ կազերու քանակը՝ երկրագունդի վրայ։ Այս բոլորը տարիէ տարի կը բարձրացնեն երկրագունդի բնական ջերմաստիճանը, որուն պատճառով կը սկսին ցամքիլ ջուրի բնական պաշարները։ Որոշ բնակավայրեր, ուր ջուրի պաշարը անձրեւներէն կը գոյանայ, մահացու խնդիրի մը առջեւ կը կանգնին:

Մենք կ’որսանք մեծ քանակով ձկնեղէն եւ ծովամթերք, վայրի կենդանիները կ’օգտագործենք շպարման նիւթերուն ծառայեցնելու համար, անտառածածկ տարածքները կը հատենք՝ բնակելի թաղամասեր կառուցելու համար, հանքային նիւթերէն օգտուելու համար բնական կենդանական աշխարհն ու բուսական ծածկոյթը կը ձեւափոխենք։

Այս բոլորին հետեւանքն է՝ մոլորակի կիսահոգեվարքային վիճակը։ Ցամքած լիճեր , գետեր, պակսած կանաչ, աւելցուած քար ու շինութիւն, որոշ կենդանիներու եւ բոյսերու տեսակներու անվերադարձ ոչնչացում։

Այս ամէնը դեռ միակ խնդիրը չէ: Կանգ առնելու նշոյլն անգամ չ’երեւիր։ Որոշ անհատներ, կազմակերպութիւններ  եւ պետութիւններ բնակլիմայական փոփոխութիւններով անհանգստացած, կը փորձեն ձեռնարկել  գոնէ արեւային ջերմատաքացման անցնելու ճանապարհը, կամ կ’ուզեն կերպընկալի եւ թուղթի վերամշակման մշակոյթը ներմուծել։ Բայց ասոր որպէս հակակշիռ, մոլորակի մարդկութեան ճնշող մեծամասնութիւնն անտարբեր է բառացիօրէն կանգնած աղէտի հանդէպ։

Մոլորակը կռացած է մարդկութեան բեռի տակ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ