Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհանդէս Արա Ահարոնեանի «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Հատորին

(1885-2011)

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«ՄԱՐՄԻՆՍ ՄԵՌՆԻ ԵՐԹԱՅ Ի ՀՈՂ,

ԳԻՐՍ ՄՆԱՅ ՅԻՇԱՏԱԿՈՂ»

Գրչակ

Կիրակի, Օգոստոս 21, 2022, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Ալթատինա, տեղի պիտի ունենայ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» խորագիրը կրող գիրքին շնորհանդէսը եւ նոյն ատեն պիտի ոգեկոչուի այս շահեկան հատորին հեղինակ՝ կուսակցական բեղուն գործիչ՝ ողբացեալ Ընկ. Արա Ահարոնեանի բարի յիշատակը։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՌԱԿ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ,  որ յանձն առած է այս գիրքի հրատարակութիւնը նուիրուած՝ մեր թանկագին վաղամեռիկ ընկերոջ յիշատակին։

Հատորը կը ներկայացնէ ՌԱԿ-ի պատմութեան վերջին 90 տարիներուն (այս հատորը գրուած է 10 տարը առաջ) եւ անոր նախորդող եւ ծնունդ տուող կազմակերպութիւններուն պատմութիւնը, պատգամաւորական ժողովները, քաղաքական անցուդարձները (ազգային եւ համազգային) ՌԱԿ-ի բազմաբեղուն գործունէութիւնները մեր ազգին եւ հայրենիքին համար։

Նմանապէս այս հատորին մէջ, կը գտնենք մեր ժողովուրդի վերջին մէկուկէս դարաւոր պատմութիւնը։

Այս մեծածաւալ հատորի խմբագրութիւնը կատարած է կուսակցութեանս ծանօթ մտաւորականներէն, «Նոր Օր»ի նախկին խմբագիր, վաստակաշատ կրթական մշակ՝ Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, իսկ գիրքը լոյս տեսած է Սարգիս Թօփալեանի «Երեւան» մեծանուն հրատարակչատունէն։

Այդ գիշերուայ գլխաւոր բանախօսը եւ գիրքը պիտի ներկայացնէ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։ Պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։ Շնորհանդէսի բաժինէն ետք պիտի ոգեկոչուի մեր սիրելի ընկերոջ յիշատակը ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն մասնակցութեամբ։

Ողբ. Արա Ահարոնեան երկար տարիներ եղած է ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ Ատենապետ, գաղութիս եկեղեցական, մշակութային, պետական յանձնախումբերու եւ մարմիններու ժրաջան անդամ մըն էր։

Շատ կարճ ելոյթներ պիտի ունենան Ամերիկեան քաղաքական գործիչներ, որոնք երկար տարիներ գործած են հանգուցեալին հետ։

Վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ ճոխ հիւրասիրութիւն մը եւ հատորի մակագրութիւն։

Ջերմօրէն հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը, մանաւանդ Արա Ահարոնեանի հարազատները, ծանօթները եւ անշուշտ գաղափարի ընկեր-ընկերուհիները, այսպիսով յարգանքի արդար տուրք մը տուած պիտի ըլլան մեր սիրելի ընկերոջ, որուն ողջ կեանքը նուիրած էր մեր ժողովուրդին ծառայելով։

Յարգանք իր անմեռ յիշատակին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ