Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Թող Բարձրեալն Աստուած Օգնական եւ Պահապան Ըլլայ Մեր Երկրին եւ Ժողովուրդին. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. ուղերձ յղած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առնչութեամբ։

«Սրտի խոր ցաւով կը հետեւինք «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի ողբերգական հետեւանքներուն: Ի խորոց սրտի կ՝աղօթենք զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան ու հանգստութեան համար, Սուրբ Հոգիի սփոփանքն ու մխիթարութիւնը կը հայցենք անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Այլեւ կ՝աղօթենք բոլոր վիրաւորներու արագ ապաքինման համար՝ մաղթելով Տիրոջ խնամքն ու զօրակցութիւնը:

Թող Բարձրեալն Աստուած օգնական եւ պահապան ըլլայ մեր Երկրին եւ ժողովուրդին»,- նշուած է ուղերձին մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ