Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Մեր Օրերու Կացութիւնը

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

   Քաղաքականութեան մէջ արդար, խղճամիտ եւ իրաւացի բառերը իմաստազուրկ դարձած են՝ շօշափելի արդիւնաւէտութիւն ունեցած չըլլալով։ Եւ այսպէս, ժողովուրդներու կամ երկիրներու քաղաքականութիւնը ընթացած է մաքիավելական սկզբունքներով, միշտ ի նպաստ զօրաւոր կողմին։

   Վերոյիշեալ խեղաթիւրուած արժեչափերը լաւագոյնս կը գործադրուին Արցախի եւ Հայաստանի միացեալ բանակի պարտութենէն ետք 2020 Նոյեմբերին։ Կնքուած զինադուլին եռակողմ լրացուցիչ համաձայնագիրներուն մէկէ աւելի յօդուածները, գրեթէ ամէն օր կոպտօրէն կ՚ոտնակոխուին ազերի բանակին կողմէ, պատճառելով առեւանգում ներ, վիրաւորներ, մարդկային զոհեր, եւ այլազան աւերումներ։ Ու նմանօրինակ խախտումները կը շարունակեն կրկնուիլ յաճախակիօրէն։

   Արեւմտեան պետութիւնները հանդարտութեան կոչ կ՚ուղղեն կողմերուն, դատապարտելով խաղաղութեան խանգարումը։ Երբեմն ալ, այլազան օժանդակութիւններ կ՚ընեն Հայաստանին եւ Արցախին։ Վերոյիշեալ «բեմադրութիւնը» կը շարունակուի կրկնուիլ, հետզհետէ՝ նոր զարգացումներով, Ուքրանիոյ պատերազմին ալ երկարաձգումին պատճառով։


   Հայաստանի մէջ եռուզեռ կ՚արձանագրուի մէկէ աւելի բնագաւառներէ ներս։ Կարեւոր թիւով ուքրանահայ ընտանիքներ եւ ռուսահպատակներ ապաստան գտած են, մանաւանդ Երեւանի մէջ։ Դրամատնային ներդրումները, յատկապէս Ամերիպէնքի, եւ առեւտրական գործառնութիւնները խթանուած են։ Եւրոպական Զարգացումի Դրամատունը 37 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ, շինութեանը համար արեւային ուժանիւթի 11 նոր կեդրոններու Գեղարքունիքի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ։ Մեծ թիւով ռուսեր (աւելի քան 251,000), պարսիկներ (48,150), վրացիներ (4,725) սփիւռքահայեր, եւ ապա՝ հնդիկներ, չինացիներ, եւրոպացիներ շրջապտոյտով կ՚այցելեն Հայաստան։

   Զուգահեռաբար երկրին տնտեսական բարգաւաճումին, հին ճանապարհներ կը վերանորոգուին, ու նորեր կ՚աւելնան, զարկ տալով միաժամանակ հարաւ-հիւսիս նոր պողոտայի աշխատանքներուն։

   Զուգահեռաբար, կը նորոգուին նաեւ դպրոցական շէնքեր ու մաքսատուներ, նորերու ալ յաւելումով։ Կարելի է յատկապէս յիշատակել Հայաստան-Վրաստան սահմանային անցքին ընդարձակումը եւ արդիականացումը։

   Արեւմուտքը, իր կարգին, կը թելադրէ բանակցութիւններով գործակցութիւն հաստատել հայ-ազերիական փոխյարաբերութեանց մէջ։ Պիղատոսեան նման դիրքորոշում մը սակայն անիմաստ կը դառնայ Ատրպէյճանի գրեթէ ամենօրեայ սահմանային խախտումներուն իբր հետեւանք։ Ամէնէն ազդեցիկ ռուսական միջամտութիւններն անգամ խիստ ժամանակաւոր դարձած են։

   Տնտեսական ու շինարարական բարգաւաճումին զուգահեռ, վերադառնալով քաղաքական անհանդարտ, մտահոգիչ երեւցող մթնոլորտին հայ-ազերի փոխյարաբերութեանց մէջ, շարունակուող ռուս-թրքական գործակցութիւնը անհանգիստ կացութիւն մը ստեղծած է Հայաստանի համար։

   Միւս կողմէ, Արեւմուտքին բանակցութիւններով հայ-ազերի գործակցութեան կոչը անիմաստ կը դառնայ, Ատրպէյճանի ամենօրեայ սահմանային խախտումներուն հետեւանքով։

   Ռուսական միջնորդութիւնները զգուշաւոր, ու խիստ կարճատեւ դարձած են։ Պարսկաստանը ձեւով մը կ՚երաշխաւորէ Հայաստանի հարաւային սահմանները, որոնք միաժամանակ կ՚ընդգրկեն իր երկրին հիւսիսային սահմանները։ Ուքրանիոյ պատերազմին աւարտը կարծէք որոշակի անդրադարձ պիտի ունենայ Հայաստանի ճակատագրի որոշման մէջ։

   Վերջերս, Հայաստանի հարաւային սահմանամերձ շրջաններու երկայնքին, կարգ կանոնը խանգարող այլազան դէպքեր պատահած են խուլիգաններու կողմէ, դրդուած ռուսական իշխանութիւններու անուղղակի քաջալերութեամբ, որպէսզի կարիքը զգացուի Մոսկուայի տիրապետութեան ընդարձակումին հարաւային Հայաստանի մէջ եւս։

   Արդարեւ, ռուսական միջամտութիւնը կորսնցուցած է անցնող տարիներու ազդեցութիւնը, հետեւանքով մանաւանդ Ուքրանիոյ ընթացող պատերազմին։

   Արեւմտեան միջնորդութիւնները շրջահայեաց ու ժամանակաւոր են։ Իսկ Պարսկաստանը սկզբունքային, մնայուն եւ անդրդուելի հետեւողութեամբ կը բացայայտէ Հայաստանի հարաւային սահմաններուն պահպանումը։ Արդարեւ, Օգոստոս 10-ին Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Ն. Փաշինեանի հետ, հաւաստիացուցած է, թէ իր երկիրը պիտի ընդդիմանայ որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը միտի փոփոխութեան ենթարկել ներկայ սահմանները հարաւային Կովկասի մէջ։ Նաեւ վերջերս կեանքի կոչուած է պարսկական երկրորդ հիւպատոսարանի մը բացումը Կապանի մէջ, որ հարաւային Սիւնիքի երկու կարեւոր քաղաքներէն (միւսը՝ Քաջարանն է) մէկն է իր բանալի դիրքով։

   Եզրակացնելով, Հայաստան պիտի ապաւինի իր սեփական հնարաւորութիւններուն մէկ կողմէ, դիւանագիտական ճկուն նախաձեռնութիւններու դիմելով, ինչպէս՝ բարձրարժէք գիւղատնտեսական գոյավիճակի զարգացման, բանակի արդիականացումին ու զօրացումին, միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հիմնական եւ հետեւողական դիրքորոշումները ապահովելով՝ քաղաքական յետագայ զարգացումներու ընթացքին։

   Ընկրկումի եւ յուսահատութեան կարիք չկայ։ Հայոց պատմութեան այլազան հանգրուաններուն նմանօրինակ  գոյավիճակները անբաժան մասը կազմած են փոքրաթիւ հայ ժողովուրդին, որ աննկուն մաքառումով եւ անտեղիտալի կամքով, ի հարկին ալ կեանքի գնով, յաղթահարած է բոլոր դժուարութիւնները, իր գոյերթը շարունակելով դարերու ընթացքին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ