Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Քեզի Բախտ Բերի…»

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Փրասա Գլովիսի խոշոր հրապարակէն եւ քաղաքին հին կեդրոնի մօտիկ կողմերէն, առտուները գործի գացող մարդկային հեղեղը, Վենսէսլա՛ու Պրազ փողոցին նեղ մայթին վրայ երիզի պէս կ’երկարէր եւ ժամագործի խանութիս առջեւէն խիտ եւ կուռ կը հոսէր:

Զանգուածային նոյն այս հոսքը, գրեթէ ամէն օր առտուայ ժամը եօթի մօտերը կը սկսէր, յետոյ ութի կամ ութ ու կէսի ատենները սովորաբար կը թեթեւնար ու ժխորը անկէ ետք փողոցին մէջ զգալիօրէն կը հանդարտէր:

Ես քալող հոսանքին մէջ յաճախորդներ գտնելու յոյսով, խանութս կանուխէն կը բանայի, լոյսերը կը վառէի եւ այդ ժամուն գործի վրայ երեւնալու նպատակով, նախորդ օրը արդէն տասն անգամ քակած ժամացոյցներս անգամ մըն ալ կը քակէի եւ սեղանիս վառած լոյսին տակ զբաղած ձեւանալով յաճախորդի կը սպասէի:

Սակայն շատ անգամ բազմութիւնը առջեւի մայթէս մտազբաղ կ’անցնէր, ներս ալ չէր նայեր ու եթէ պատահէր որ հովը երբեմն զօրաւոր փչէր եւ խանութի բաց դռնէն ներս մտնէր, դուրսէն միայն խօսակցութեան պատառիկներ եւ հեռացող ոտնաձայններ կը բերէր հետը…:

Խանութը բանալէս ի վեր այդպէս անցած էին օրերը, եւ հիմա ալ, հակառակ վրայէն մօտաւորապէս երկու ամիս անցած ըլլալուն, լաւանալու հեռանկարը դեռ մօտ չէր երեւեր :

Աշխատանքի սեղանիս առջեւ ես յաճախ կը յիշէի ճամբորդութեան մէջ ծանօթացած Պրազիլցի բարեկամս՝ Օլինթօն եւ կը զղջայի նաւուն վրայ իր հասցէն ուզած չըլլալուս համար, որովհետեւ կը խորհէի որ այս տեսակ դժուար ժամերուն թերեւս դիւրին ըլլար իր միջոցաւ նոր կամ տարբեր գործ ճարելը:

Սակայն զղջալը օգուտ չունէր այլեւս, եւ ես մինչեւ կացութեան յարմար ելք գտնելս, որոշեցի առաւօտները շարունակել կանուխէն խանութին երկաթէ դուռը վերցնել, եւ ճարահատ, առջեւէն անցնողներուն մէջ հնարաւոր յաճախորդներու սպասել:


Օգոստոսի երկրորդ կէսի օրերէն մէկուն մէջ, ձմեռուայ եղանակին ճիշտ մէջտեղը, օդը սոսկալի տաք կ’ընէր: Ժամը կէսօրուայ մօտ էր եւ Վենսէսլա՛ու Պրազ փողոցին վրայ եռուզեռը բաւական հանդարտած էր : Ես սովորականին պէս սեղանիս ետեւ նստած՝ աշխատիլ կը ձեւացնէի եւ մէկ աչքով ալ փողոցէն անցնողներէն եկող յաճախորդի կը սպասէի…:

Յանկարծ նիհար կին մը մազերը թոյլ ձգած՝ աճապարանքով խանութ մտաւ, արագ քայլերով սեղանիս մօտեցաւ եւ փորթուկալերէնով

– Bom dia,- ըսաւ

– Bom dia ,- պատասխանեցի եւ կնոջ արտաքինէն դատելով,

– Այս կինը առ նուազն վաթսուննոց մը ըլլալու է խորհեցայ մտքէս:

Կինը թխադէմ էր: Լայն հագուստներով, թեւին անցուցած խոշոր խոշոր պայուսակով, պտոյտի գացող բարի մեծ մայրիկի զուարթ հով մը կար վրան: Ալեխառն եւ երկար մազերը ետեւը թոյլ ձգած՝ յայտնի էր թէ երիտասարդութեան գեղեցիկ եղած էր, բայց հիմա կարծես ժամանակի գործած աւերին դէմ անտարբեր՝ կինը գունատ այտերը անփութօրէն շպարած էր եւ խորշոմած դէմքին շրթունքներուն վրայ ալ, կարմիր ներկը խնամքով չէր քսած:

Ան պայուսակէն Longines ժամացոյց մը հանեց եւ ինծի երկարեց:

Այդ մակնիշով զուիցերիական ժամացոյցները ես կը ճանչնայի: Գահիրէի մեր խանութին մէջ ատենին , անոնցմէ շատերը նորոգելէ յետոյ, ըստ արհեստի սովորութեան, կափարիչներու ներսի կողմը նորոգութեան թուականը եւ մեր ստորագրութիւնը կը փորագրէինք …:

Սակայն կնոջը ստորագրութիւն եւ փորագրութիւն չունէր: Ան երեւցածին համեմատ բաւական նոր էր եւ այդ պատճառով ալ պէտք եղած նորոգութիւնը դիւրին էր եւ չէր ուշանար:

Կինը որոշեց սպասել, եւ շուրջը նայուածք մը պտըտցուց: Յետոյ կարծես խօսելու համար աւելի մօտեցաւ սեղանիս եւ

– Դուն այս խանութը նո՞ր բացած ես,- հարցուց …

Ես տկար փորթուկալերէնովս փորձեցի նախ ըսելիք բառերս միտքիս մէջ շարադրել, բայց չար բախտէս պատասխանած ժամանակս բառերը սխալ կարգով արտասանեցի …:

Բայց կինը հասկցաւ ըսածներս եւ կարծես աւելի հետաքրքրուած՝

– Դուն հոսկէ չես, ուրկէ՞ եկած ես,- հարցուց:

Ես լեզուի դժուարութեան պատճառով, այս անգամուն խուսափեցայ երկար պատասխաններ տալէ եւ կարճ՝

– Egito,-ըսի :

Կինը սեղանիս դիմաց ոտքի կեցած, յանկարծ

– Mais non …! պոռաց ֆրանսերէնով եւ ձեռքը արագ այտին տարաւ…

Ես շուարած կնոջ նայեցայ եւ «ի՞նչ պատահեցաւ» մտածեցի: Ան նշմարելով որ գործս ձգած զինք կը դիտէի, բաց ափը այտէն վար առաւ եւ

– Բայց ե՛ս ալ Եգիպտոսէն եմ ,-ըսաւ

– Եգիպտոսէ՞ն …ի՛նչ լա՜՜ւ եւ ի՛նչ զուգադիպութիւ՜՜ն …

Ես ուրախացայ եւ լաւ զգացի :

Մինակ չէի այլեւս…:

Յանկարծ կարծես պզտիկ խանութին պատերը ետ քաշուեցան, սեղանիս վրայի վառած լամբի լոյսն ալ աչքիս զօրաւոր երեւցաւ եւ

Եգիպտոսէն եկող աներեւոյթ կամուրջ մը, հին բարեկամներու պէս, կինը եւ զիս անմիջապէս իրար կապեց…:

Սակայն կինը ինծի պէս Գահիրէէն չէր: Ան Աղեքսանդրիա ծնած էր, Միջերկրական ծովը շատ կը սիրէր եւ 1800ական թուականներուն Ճենովայէն Եգիպտոս գաղթած հին ընտանիքէ սերած էր:

Կինը տարիներ առաջ հեռացած էր Եգիպտոսէն, բայց դեռ կարօտով կը յիշէր Աղեքսանդրիան, քաղաքը, ծովեզերքը, եւ իրենց տան մօտերը գտնուող խումբ մը բարձր արմաւենիներուն արեւին տակ հասունցած քաղցր պտուղները եւ կ’ափսոսար, որ Պրազիլի արմաւենիներուն վրայ արմաւներ չէին հասուննար:

Կինը կը սիրէր իր ծնած քաղաքը: Դեռ չէր մոռցած Anthineo´sի եւ Trianonի կարկանդակավաճառ խանութները, հոն պատրաստուած անուշեղէնները եւ պաղպաղակները եւ խօսած ժամանակ ալ, կարծես աչքերուն մէջ ամբողջ Աղեքսանդրիան ծովեզերքի եւ երկնքի սահմաններէն ալ անդին, ծովեզերքի ճերմակ աւազներուն վրայ երազներէ ներշնչուած, ալիքներով եւ աւազով շինուած երեւակայական անհամար արձանիկներ կ’երեւային …:

Ան լաւ պատմող էր, ձայնը խորունկ էր եւ խօսած ատենն ալ, բառերուն մէջ ծովուն անուշ կապոյտը կը խառնէր, որուն դէմ Գահիրէի մէջ, միայն ծիրանի գօտիներու վառ գոյները կրնային մրցիլ …:

Բայց իր նիւթերը շատ էին եւ ատեն մը վերջ երբ կարգը կերակուրներուն հասաւ, կինը աղուոր բաներ յիշածի պէս

– Դեռ կը յիշե՞ս Մոլոխէյյային, ֆալաֆելին եւ Եմենէն եկած սուրճին համը,- հարցուց…:

Կարօտը յանկարծ տեղէ մը խանութին մէջ մտաւ, թռաւ պատէ պատ զարնուեցաւ եւ սրտիս մէջ ինկաւ…:

Բայց կնոջ հետաքրքրութիւնը կառչած մնաց իր հարցումին …

-Դեռ կը յիշե՞ս…դեռ կը յիշե՞ս… լսեցի ականջներուս մէջ կնոջ կրկնուող ձայնը…

-Ո՞վ չէր յիշէր անոնց համը…. դեռ երեկուայ պէս բերնիս մէջ էր…:

Բայց իր հարցումները շատ էին ու դեռ չէին վերջացած:

-Կը յիշե՞ս այդ սուրճը…. սրճարաններու մէջ Ahwa Sada, Ziyada, կամ ալ Mazbout ձեւերով կը հրամցուէր եւ ապսպրանքին հետ ալ միշտ գաւաթ մը սառած ջուր կու գար ափսէին մէջ,-շարունակեց կինը …:

– Հապա սառած զովացուցիչնե՞րը,- վայրկեան մը ընդհատեցի իր խօսքերը,- Spathisը, Orangoն, Stella գարեջուրը….

Կինը չպատասխանեց, ձեռքով դէմքին մօտերը հով տալու նմանող արագ շարժում ըրաւ, յետոյ յանկարծ բան մը յիշած ըլլալու ձեւով պայուսակը բացաւ եւ մէջէն երկարաւուն, ողորկ ու բաց սրճագոյն պատեանով ընդեղէն մը հանեց եւ կէսը գոց ափին մէջ, միւս կէսն ալ ափէն դուրս օդին մէջ բարձրացուցած՝

-Ա՛ս ալ կը յիշե՞ս ,- հարցուց :

Ես կը ճանչնայի ձեռքինը: Գիտէի ալ, որ անոր պատեանը դիւրաբեկ էր եւ Գահիրէի ժողովրդական թաղերու մէջ, այդ բոյսէն շինուած զովացուցիչներ շատ կը ծախուէին ամառուայ տաք օրերուն: Բայց չէի գիտեր որ այդ բոյսը Պրազիլի մէջ ալ գոյութիւն ունէր: Վայրկեան մը վարանեցայ եւ կասկածոտ

– Թամար Հինտի՞ է,- հարցուցի:

– Ա՜՜գիտցար,- ըսաւ կինը,- բայց ասոր անունը Պրազիլի մէջ Թամարինտօ է ,-շարունակեց եւ ափը բացաւ :

Հիմա ժամանակը առանց զգալու սահած էր եւ ժամացոյցն ալ շատոնց նորոգուած՝ սեղանիս վրայ արդէն պատրաստ կը սպասէր…: Կինը թեւին կապեց ժամացոյցը, դրան կողմը երկու քայլ առաւ, բայց հազիւ սեմին մօտեցած ետեւ դարձաւ եւ

– Գիտե՞ս այսօր ես քեզի բախտ բերի ,-ըսաւ:

– Ինծի՞…բա՞խտ …

Ճիշտ ի՞նչ բախտի մասին էր խօսածը, ես վայրկեանին չհասկցայ եւ չգիտցայ ինչ ըսելս: Միայն դրան մէջ, լոյսին դիմաց կեցած իր հասակը դիտեցի եւ անորոշ ժպտացի: Կինը կեցած տեղէն ձեռքը «Au Revoir» շարժեց, յետոյ ոտքը դուրս դրաւ եւ հին օրերու կարօտը խանութի սեմին ձգած՝ ցած մայթէն քալեց ու ամբողջ Եգիպտոսը հետը տարաւ …:

Իր երթալէն յետոյ սեղանիս վրայի ժամացոյցը դեռ քանի մը անգամներ ալ քակեցի- կազմեցի, սակայն շատ չանցած ձանձրացայ եւ իրիկուայ դէմ ալ երբ օդը փոխուեցաւ եւ տաքութիւնն ալ բարեբախտաբար մեղմացաւ, որոշեցի դրան առջեւ մաքուր օդ շնչել եւ փողոցին անցուդարձը աչքէ անցնել :

Այդ ժամուն գործէն տուն դարձողներու պատճառով, փողոցին մէջ եռուզեռը սկսած էր շատնալ ու երթալով աւելնալ:

Յանկարծ դիմացի մայթէն անցնող բազմութեան մէջ, պայուսակով քալող մարդ մը տեսայ, որ վայրկեանին ինծի ծանօթ երեւցաւ:

Անմիջապէս դուրս վազեցի եւ աչքով մարդը փնտռեցի: Բայց ան արագ քալած էր եւ բազմութեան մէջ հետզհետէ կը հեռանար :

Փողոցին մէջտեղը երկու ափերս խողովակ ըրած, թոքերուս բոլոր ուժովը

– Օլինթօ՜՜՜պոռացի…

Առջեւս երկարահասակ, կարճահասակ եւ ամէն հասակներու մարդոց զանգուածը, ծովու ալիքներու ելեւէջով փողոցին մէջ կը յառաջանար…

-Օլինթօ՜՜՜պոռացի երկրորդ անգամ:

Մարդը կեցաւ ու ետեւ նայեցաւ:

Շուրջիս ձայները ականջներուս մէջ կարծես յանկարծ մարեցան ու ես չհաւատացի տեսածիս : Մարդը ի՛սկապէս Օլինթօ՛ն էր:

-Ուրկէ՛, ու՜՜ր….

Քայլերս արագցուցի եւ երբ վերջապէս մօտեցայ,

-Հոս ի՞նչ գործ ունիս,- հարցուց ինքն ալ ինծի չափ զարմացած:

– Այս փողոցին վրայ ժամագործի խանութ բացած եմ ըսի:

– Ժամագործի՞…բայց քեզի չէի՞ ըսած որ օդանաւային ընկերութեան մէջ գործ փնտռես նեղուեցաւ Օլինթօն:

Ձայնին մէջ կշտամբանքի մեղմ շեշտ մը կար:

– Ըսած էիր եւ ես ալ յուսացած էի, որ Cruzeiro do Sul ընկերութեան մէջ աշխատած օրերու հին ծանօթներէդ մէկուն հասցէն կու տայիր ինծի, բայց վերջին օրը նաւուն վրայ չհանդիպեցանք իրարու ,-պատասխանեցի:

Օլինթօին աշխատած գրասենեակը մեր գտնուած փողոցին շատ մօտը կը գտնուէր: Այցետոմսին ետեւ, օդանաւի Varig ընկերութեան մէջ աշխատող Silvio Beck անունով մէկուն քանի մը տող մրոտեց եւ ինծի տալէ առաջ

-Տե՛ս Կարօ՛,- Silvioն եւ ես պատերազմի տարիներուն, բաւական ժամանակ Cruzeiro do Sul ընկերութեան մէջ միասին աշխատած ենք, բայց անկէ յետոյ երկար տարիներ իրար չենք տեսած: Հիմա միայն գիտեմ, որ Silvioն այսօր Varig ընկերութեան մէջ կ’աշխատի, կարեւոր պաշտօն ունի եւ վստահ եմ, որ եթէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ըլլայ կ’օգնէ քեզի: Գնա՛ բարեւներս տար իրեն եւ յետոյ ալ, արդիւնքի մասին ինծի անպայման լուր տուր,- ըսաւ:

Փողոցին մէջ արեւը հետզհետէ կը տկարանար, օդը սկսած էր ցրտել, բայց առտուներու մարդկային հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ գացող բազմութիւնը դեռ կը շարունակէր յառաջանալ ու աւելնալ:

Հեռուն յանկարծ վանքի կամ եկեղեցիի մը զուարթ զանգակները ղօղանջեցին: Ձայները չուշացան եւ վերի կապոյտին մէջ «Տինկ-Տոնկ»ի եղանակաւոր ալիքներու վերածուելու ու երբ իրիկնամուտի շառագունած երկնքին վրայ, տուն դարձող թռչուններու վերջին կանչերուն խառնուեցան, միտքիս մէջ գալիք յուսատու օրերու երգեր դարձան …:

Գեղեցիկ էր իրիկնամուտի այդ ժամը եւ անբացատրելիօրէն մխիթարիչ բան մը կար ղօղանջներու օրօրուող ձայնին մէջ :

Ես այդ վայրկեանին Օլինթօյին այցետոմսը ձեռքիս մէջ բռնած՝

-Արդեօք ա՞յս էր իտալացի կնոջ «քեզի բախտ բերի» ըսածը խորհեցայ եւ դեռ ալ առանց վստահ ըլլալու, որ այդ այցետոմսը պէտք եղած ժամուն ինծի իսկապէս օգտակար պիտի ըլլար, մէջս տարածուող հանդարտութիւն զգացի:

Վերը երկնքի կապոյտին մէջ վանքի զանգակներուն ղօղանջները կը շարունակուէին եւ ծովերու ալիքներու երբեմն մօտեցող, երբեմն ալ հեռացող ձայներուն պէս, օդին մէջ իրիկնային անդորրութիւն կը ցանէին …:

Վայրկեանը վեհ էր եւ աղօթքի պէս ալ սրբազան ու ես պահ մը ներսէս յուսացի, որ բախտը վերջալոյսին երգող ղօղանջներուն հետ, խաղալով զիս իր մօտ կը կանչէր…:

Օլինթօին այցետոմսը գրպանիս խորը թաղեցի, եւ օդին մէջ լսուող ղօղանջներուն «բախտ»ի երգը մտիկ ընելով հանդարտ քալեցի…:

Քամփինաս, Պրազիլ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ