Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Յիշարժան Եւ Ոգեւորող Իրադարձութիւն Մը

Վերջին քանի մը օրը Երեւանի առօրեան վառ է ու եռուն:

Եւրոպայի մէջ մեծ հռչակ եւ հեղինակութիւն ունեցող «Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթը, որ հաստատուած է 1956-ին, իսկ մանկական «Եւրատեսիլը»՝ 2003 -ին, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:  Նկատի ունենալով, որ հիմա նաեւ Նոր Տարուան նախաշեմին ենք, ուստի  Երեւանը, Հայաստանը, առաւելապէս կազմակերպչական եռուն աշխատանքի մէջ է:

Մանկական Եւրատեսիլի նախապատրաստումով  Երեւանը դարձած է հեքիաթային լուսաւոր ու գեղեցիկ վայր մը: Դեկտեմբեր 5-ին լուսաւորուեցաւ Կաղանդի ծառը. ցուրտ ու կիսամռայլ դեկտեմբերեան օրերու ամէնէն շատ սպասուող օրերէն մէկն էր՝ հայաստանցի  փոքրիկներուն համար:  

Այս բոլորը շատ սովորական իրադարձութիւններ կ’ըլլային, եթէ այսքան փոքրիկ, լոյս, հրաշքի սպասում  եւ ոգեւորութիւն չըլլային:

Այսուամենայնիւ, այս  բոլորը շատ լաւ առիթ է զբօսաշրջութեան նետը Հայաստանի կողմը դարձնելու տեսանկիւնէն: Բացի այդ, այս տարի,Կաղանդին,  Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը կ’ենթադրէ ունենալ զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք ԱՊՀ երկրներէն: Նախատօնական եռուզեռի մէջ այս մրցոյթը մեծ հնարաւորութիւն է Եւրոպայէն ժամանած պատուիրակութիւններուն, որոնք մօտաւորապէս 2 տասնեակ ծանօթացած են Հայաստանի մշակոյթին, պատմութեան եւ խոհանոցին: Այս օրերուն Հայաստան ժամանած հիւրերէն բացի, հեռուստատեսային հեռարձակմամբ միլիոնաւոր մարդոց հայեացքը պիտի ուղղուի դէպի Հայաստան:  

Ճիշդ է, բոլորս կը գիտակցինք, որ ասոնք աշխարհաքաղաքական, ներքաղաքական, ապահովական, դիւանագիտական եւ  այլ նմանատիպ հարցերու լուծման մէջ ոչ մէկ դերակատարութիւն եւ ոչ մէկ  կարեւորութիւն ունին, բայց, այսուամենայնիւ,  ընկճուած եւ անորոշ իրականութեան մէջ գտնուող հայաստանցի մանուկներուն համար յիշարժան եւ ոգեւորող իրադարձութիւն մըն  է գտնուիլ լայնածաւալ իրադարձութեան կեդրոնը,  որը ոգեւորութիւն, ջերմութիւն, ուրախութիւն կը պարգեւէ եւ գալիքի ՝ ապագայի հանդէպ  յոյս  կը ներշնչէ:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ