Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ բարեկամ Փոլ Պօղոս Քուշարեանի մահը, որ պատահեցաւ Դեկտեմբեր 21, 2022-ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 7, 2023-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Քառասուն Մանկանց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 5315 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704։
Սգակիրներ`
Այրին՝ Տիկ. Անի Սեդա Քուշարեան
Որդին եւ հարսը՝ Լեւոն Քուշարեան եւ Պրանտոլին Բաթերսըն եւ զաւակները՝ Անդոնի եւ Անտրիւ
Դուստրը եւ փեսան՝ Լարա եւ Սթիւ Կուտսուզեան եւ զաւակները՝ Սիրան, Գարուն, Ստեփան եւ Նուէր
Քոյրը՝ Ռոզա Մազլումեան
Քրոջ զաւակը՝ Սիլվա Գասպարեան եւ ընտանիք
Քրոջ զաւակը՝ Կրէյս Մինասեան եւ ընտանիք
Եկեղեցւոյ արարողութենէն անմիջապէս ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ Ղուկասեան սրահին մէջ։
***
Ընտանիքին փափաքն է որ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կամ Քառասուն Մանկանց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ։