Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Տարեմուտ

Իւրաքանչիւր անցնող տարուան աւարտին, կարծես չգրուած աւանդոյթով մը կը փորձենք ամփոփել անցնող տարուան մեր գործերը, ձեռքբերումներն ու կորուստները եւ մտովի կամ բարձրաձայն նոր նպատակներ կը հետապնդենք կամ ապագայի գործերն ու տեսլականները կը նախաձեռնենք։

Անցնող տարին, թերեւս, դժուար թէ ձեռքբերումներու տարի համարենք։ Բազում են այն խնդիրները, որոնք կային ու չլուծուեցան։ Աւելին, ծառացան այնպիսիք, որոնք կենսական բնոյթ կը կրեն։  Պատերազմները պակսելու փոխարէն՝ աճեցան, թշնամական վերաբերմունքը պակսելու փոխարէն՝ շատցաւ, կենսական , տնտեսական, ռազմավարական սպառնալիքները  պակսելու փոխարէն՝ աւելցան։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

անցնող տարուան բարդ եւ խրթին իրավիճակները, երեւոյթները, կորուստները թող չյուսահատեցնեն , այլ՝ համբերութեամբ զինեն։ Վերլուծենք տեղի ունեցածը եւ եզրակացութիւններ կատարենք՝ ապագայի համար։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող զգայ ու մարդկութեան, աշխարհի եւ հայրենիքի հանդէպ  իր   մեծ պարտաւորուածութիւնը ստանձնէ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող ոյժ ու ցանկութիւն գտնէ եւ մասնակից դառնայ   աղէտը արմատախիլ ընելու տարուած աշխատանքին:

Ի խորոց սրտի ձեզ եւ ձեր ընտանիքներուն արեւշատութիւն եւ բարօրութիւն կը ցանկանք։ Առողջութիւն, բարեկեցութիւն բոլոր ծնողներուն։ Ոյժ, կարողութիւն բոլոր երիտասարդներուն։ Խաղաղ, անհոգ , պայծառ  եւ երջանիկ մանկութիւն բոլոր մանուկներուն։ Լիութիւն եւ խաղաղութիւն բոլոր ընտանիքներուն։ 

Բայց ամէնէն շատ, բոլորիս կը մաղթեմ խաղաղ, անսասան, կայուն, զարգացող  ու պաշտպանուած հայրենիք։

Նաեւ, բազմամիլիոն հայերուն կը մաղթեմ տանտիրոջ վերաբերմունք՝ Հայաստանի նկատմամբ: «Ամէնէն վերջ յոյսը կը մահանայ» ասոյթը եթէ ճիշդ է,  ուրեմն դեռ լիայոյս եմ, որ Հայաստանը շէն, անվտանգ ու հզօր տեսնելու հնարաւորութիւնն ունինք։

Բոլոր ընտանիքներուն եւ անհատներուն կը մաղթեմ միտքի  եւ հոգիի լիարժէք խաղաղութիւն եւ բաւարարուածութիւն, կը մաղթեմ ներքին մղիչ ոյժ՝ բարին արարելու։ Կը մաղթեմ անկախ, հզօր, բարեկեցիկ հայրենիքի մէջ ապրելու եւ անորմով հպարտանալու հնարաւորութիւն։

Թող որ հայրենիքը ըլլայ բոլորիս միակ ու հարազատ, կանչող, փայփայող  ջերմ օճախը, թէկուզ՝ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռաւորութեամբ։

Ապագան թող  ուղղէ անցեալի բոլոր թերութիւնները․․․

Կամքի ոյժ եւ բարին ընելու մղում կը մաղթեմ, բոլորին․․․

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ