Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Հոգեբանական Ահաբեկչութիւն

Վերջերս քանի մը իրադարձութիւն  աւելի ու աւելի մատնացոյց կ’ընեն այն բարոյական ահաբեկչութիւնը, որ որդեգրուած է մեր «բարձր բարոյականութիւն» ունեցող դրացիներուն կողմէ: Ընդ որում, բոլորը տեղի կ’ունենան իբրեւ թէ պատահաբար եւ բացարձակապէս կապ չունին իրենց հետ: Ուրիշի ձեռքով:

Ռուսիոյ  մէջ կը չեղարկուի Հայոց Բանակի նուիրուած համերգը, Երուսաղեմ յարձակման կ’ենթարկուի Պատրիարքարանը, Արցախի ճանապարհը կը փակեն կենդանիի մորթէ մուշտակներ հագած «էքոաքթիվիստներ», եւ այսպէս ….դէպքերը կարելի է անվերջ թուարկել: Ատրպէյճանի նախագահը հեռատեսիլային եթերէն կը յայտարարէ, որ արեւմտեան Ատրպէյճանի բնիկներու հանդէպ արդարութեան վերականգման ժամանակը եկած է: Պատմականօրէն Զանգեզուրը անոնց հայրենիքն է եւ արդարացիօրէն պէտք է վերադառնան իրենց «պապերու հողը»՝ յանուն արդարութեան:

Այսպիսի դէպքերու շարանը կարելի է անվերջ թուարկել: Կարելի է  անվերջ բարձրագոչ եւ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով դատապարտել անոնց արարքը: Կարելի է ձեւացնել, թէ չենք նկատեր: Բայց փաստացի, իրականութեան մէջ փաստօրէն մարդ կրնայ իր նպատակը հետապնդել եւ տասնամեակներ շարունակ իր առջեւ դրուած նպատակին ձգտիլ ու հասնիլ անոր:

2020-ի մեր պարտութիւնը այն էր, որ մենք 30 տարի բարձր ձայնով կը հպարտանայինք մեր յաղթանակներով, սակայն ոչ մէկ բան կ’ընէինք այդ յաղթանակը անխափան պահելու  համար, իսկ թշնամին նոյն այդ 30 տարին օգտագործեց իր նպատակին հասնելու համար ու… հասաւ:

Հիմա յաջորդ քայլը կ’իրագործէ՝ հոգեբանական ահաբեկչութիւն:

Հեռատես, խելացի եւ համբերութեամբ պէտք է զինուիլ, անկոտրում ու խորամանկ ըլլալ: Այս իրավիճակը յաւերժ պիտի չգոյատեւէ: Օրհասական պահը շուտով պիտի գայ, յաջորդ առճակատումը շուտով տեղի պիտի ունենայ:

Կամ պիտի յանձնենք հայրենիքի վերջին փշրանքը, կամ ալ վերջնական եւ  ընդմիշտ պիտի լուծենք մեր ըլլալ-չըլլալու հարցը:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ