Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարը Սիրոյ Բարեխօս

Փետրուար 4-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնեց  Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը։ Սուրբ Սարգիսը որդու՝ Մարտիրոսի եւ իր 14 զինականներուն հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի։

Երիտասարդներու մէջ սովորութիւն կայ տօնելու սիրահարներու տօնը։ Ոմանք կը տօնեն կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբ Վալենթայնի տօնը, ոմանք ալ՝ սուրբ  Սարգիսի տօնը։ Սարգիսը ազգութեամբ հայ չէ, բայց հայերուն համար ամենապաշտելի սուրբերէն է եւ ժողովուրդի խորին համոզումով սիրահարներու արագահաս բարեխօս սուրբն է։ Պատահական չէ, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը անոր մասունքները Կարբի կը բերէ (Աշտարակի շրջան) եւ հոն երանելիի անունով եկեղեցի մը կը կառուցէ:

Հայոց պատմութիւնը հարուստ է սուրբերով եւ սուրբ նահատակներով։ Ինչո՞ւ համար Սուրբ Սարգիսն է, որ կը համարուի երիտասարդներու եւ սիրահարներու բարեխօսը։
Առասպել մը կայ, որ երբ Սարգիսի գլխաւորած գունդը յաղթանակած տուն կը վերադառնայ, բոլորը արքունիք կը հրաւիրուին յաղթանակը նշելու: Ճոխ ընթրիքէն եւ առատ  կերուխումէն ետք, երբ զինուորները կը քնանան, քրիստոնեաները ատող հաւատուրաց կայսրը 40 երիտասարդ աղջիկներուն  կը հրամայէ սպաննել քնացած զինուորները։
Աղջիկները կը կատարեն կայսրի դաժան հրամանը: Միայն անոնցմէ մէկը, տեսնելով Սարգիս Զօրավարի գեղեցկութիւնը,  կը հրապուրուի եւ զայն սպաննելու փոխարէն՝ կը համբուրէ: Առաջին հայեացքէն սիրահարուած երիտասարդ  զոյգը քաղաքէն կը փախչի: Այսպէ՛ս, սէրն է որ կը փրկէ Սարգիս Զօրավարի կեանքը եւ անոր համար ալ զինք կը համարեն սիրահարներու բարեխօս։

Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլ՝ ժողովրդական սովորոյթներով։ Սուրբի միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ’ունենան: Այդ օրը երիտասարդները Սուրբին կը դիմեն, որպէսզի իրենց աղօթքները Աստուծոյ հասցնէ:

Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի բլիթ (թխուած) կ’ուտեն եւ անոր հետ կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազայայտնութիւնը: Այդ օրուան յիշարժան սովորութիւններէն  է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքը: Ըստ աւանդութեան` Ս. Սարգիս երբ հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի՝ մատուցարանի մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ ձգելով մաքրութիւն, անաղարտութիւն խորհրդանշող իր սպիտակ ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կ’իրականանայ տուեալ հաւատացեալի երազանքը: Երիտասարդները տօնի առթիւ զիրար բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն:

Իւրաքանչիւր տօն, ծէս իր մէջ իր խորհուրդն ունի։ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. հայրապետի տնօրինութեամբ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը հռչակուած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր։

Թող սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիսը լիառատ սէր ու համերաշխութիւն բերէ ոչ միայն  երիտասարդ սիրահարներուն, այլ նաեւ  հայ ընտանիքներուն եւ ամբողջ հայ ազգին։ 

Սուրբը նահատակուեցաւ յանուն գաղափարի՝ պաշտպանելով քրիստոնէական իր հաւատքը։ Իր իր նուիրուածութիւնը թող ըլլայ օրինակելի՝ հայրենապաշտպանութեան եւ հայրենակերտման համար, առաջնորդող՝ բոլորիս համար։ 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ