Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Լա Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ համայնքը կը պատրաստուի անուանակոչութեան տօնին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը յաղթանակ մը եւս կ՛արձ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմը յաղթանակ մը եւս կ՛արձանագրէ: Օգոստոս 2016-ին տեղի պիտի ունենան Լա Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման եւ անուանակոչման հոգեպարար արարողութիւնները, գլխաւորութեամբ թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի: Քանի մը տարի առաջ Հայց. Առաք. Եկեղեցին, որ փոքրիկ կալուած մը ունէր Foothill Blvd.-ի վրայ, տէրը եղաւ Թահանկայի Mountair փողոցի վրայ գտնուող ընդարձակ համալիրի մը, ուր կայ մօտ 250 հոգինոց եկեղեցի մը, ընկերային կոկիկ սրահ մը, եկամտաբեր կալուածներ եւ ընդարձակ կանգառ մը:

Այս եկեղեցւոյ ծխականները գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Աւետիս Քհնյ. Աբովեանի տենդագին աշխատանքի մէջ են: Եկեղեցին ունի հոյակապ խոհանոց մը, դուրսէն եւ ներսէն համալիրը ներկուած եւ կոկուած է: Գիշեր-ցերեկ աշխատանք կը տարուի պատրաստուելու եկեղեցւոյ պատմական այն օրուան, ուր պիտի օծուի եւ անուանակոչուի Աստուծոյ այս տունը:

Խաչիկ Ճանոյեան 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ