Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեկնաբանելով Տէյվիտ Հիւմի հայեացքները Թեհրանի մէջ Իրանեան յեղափոխութիւնը եւ վերածնունդը

Փրոֆ. Երուանդ Աբրահամեանը պատմութեան դասախօս է Նիւ Եորքի Baruch College-ին մէջ։ Անիկա անդամ է American Academy of Arts & Sciences-ի։

Այս յօդուածին մէջ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ David Hume-ին (1711-1776), որ սկովտիացի հանրածանօթ փիլիսոփայ, պատմաբան, տնտեսագէտ ու ճառագիր եղած է։ 6 հատորներով գրած է «Անգլիոյ Պատմութիւնը»։

Փրոֆ. Ե. Աբրահամեան այս գրութեան մէջ յաճախ կ՛ակնարկէ Laura Secor-ի «Children of Paradise» – The Struggle for the Soul of Iran (528 էջ) հատորին (լոյս ընծայուած 2016-ին), որ անդրադարձած է Իրանի մէջ մտաւորական եւ ընդդիմադրական շարժումին։

 

Ծանօթ. Խմբ.

 

Երբ Իրան թերթերու ճակատը գրաւէ, ատիկա սովորաբար արդիւնքը կը նկատուի իր հակամարտութեանց դրացի երկիրներուն հետ։ Գրեթէ ուշադրութիւն դարձուած չէ Պարսկաստանի ներքին պայքարներուն վրայ, որոնք տակաւին փոթորկուած կը մնան երկրին վերջին յեղափոխութենէն իվեր, որմէ ծնունդ առաւ Իսլամական Հանրապետութիւնը։ Հակառակ որ միաստուածեան, յոյժ ջերմեռանդ ու ճնշուած ընկերութիւն մը նկատուած է արեւմտեան մամուլին կողմէ, իրականութեան մէջ քաղաքական ու գաղափարախօսական պայքարի մէջ է երկիրը։

Laura Secor-ի նոր լոյս ընծայուած «Children of Paradise» հատորին մէջ, յատկապէս կ՛ըսուի. «Իրան չունի կրաւորական քաղաքականութիւն մը, հակառակ իրերայաջորդ իշխանութեանց բոլոր ջանքերուն՝ նման հասարակարգ մը ստեղծելու համար։ Ընդհակառակը, շատ մը բնագաւառներէ ներս, կը տեսնուի վճռակամութիւն մը դիմագրաւելու անարդարութիւնը, եւ հակակշռելու իր ճակատագիրը»։ Հանրածանօթ լրագիրներու մէջ անիկա ներկայացուցած է արդի Պարսկաստանի վերջին քառասնամեակի կենսունակ համայնապատկերը՝ մտաւորական ու քաղաքական մարզերէն ներս։ Անիկա պատմութիւնն է իշխանաւորներու եւ այլազան խաւերէ մարդոց – եւ յարաճուն կերպով կիներու – որոնց կեանքը խնդրոյ առարկայ դարձած է, ընդդիմացած ըլլալով իշխանութեանց։

 

Արեւմուտքին դէմ

 

Secor կ՛անդրադառնայ 1960-70-ական թուականներու Իրանի արմատական մտաւորականներուն, յատկապէս ընկերաբան Ալի Շարիաթիի եւ ընկերային քննադատ Ճալալ Ալի Ահմէտի, որոնք բացայայտած են հակագաղթային եւ հակաարեւմտեան, այլ խորապէս արդիական տեսլականը շիի Իրանի եղափոխուող հասարակարգին։ Այսպէս, Շահը, դաշնակցելով Մ. Նահանգներուն հետ, երկիրը ենթարկած էր արեւմտեան ազդեցութեանց ու սակարանին, մղելով բարձր դասակարգը լայնօրէն ընդգրկելու օտարամուտ գաղափարներ ու գործելակերպեր։ Պարսիկ այս մտաւորականները կը հաւաստիացնէին, թէ «Արեւելեան» հոգեղինութիւնը (spirituality) գերադաս էր «Արեւմտեան» նիւթապաշտութենէն, եւ թէ Արեւմուտքը հաւանաբար պիտի չկարենար ըմբռնել Իրանը, քանի երկրին իւրայատուկ մշակոյթը հիմնականօրէն միշտ օտարոտի պիտի  մնար արեւմտեան մտածողութեան։

Շարիաթիի եւ Ալի Ահմէտի խոհակիցներէն Ահմէտ Ֆարտիտը, յետագային, պարսիկ իսլամութեան առաջամարտիկը, դարձաւ արքայական մը։ Արմատական այս ընթացքը շեշտուեցաւ եւ երբ Շահը փախուստ տուաւ երկրէն, անոր գլխաւոր հակառակորդը՝ Այաթոլլա Ռուհոլլա Խոմէյնին, վերադառնալով աքսորէն, Շահին թագաւորութիւնը փոխարինեց իրմով գլխաւորուած աստուածապետական իշխանութեամբ։

 

Կղերական մոլորանքներ

 

Խոմէյնի իշխանութեան գլուխ բարձրանալէն ետք, շուտով լուսանցքի մէջ ձգեց ձախակողմեանները եւ ապակրօնները, որոնք դաշնակցած էին իսլամիսթներու հետ՝ Շահի իշխանութեան դէմ։ Շուտով յայտնի եղաւ, թէ իսլամական նոր իրաւակարգը, Խոմէյնիի օրով, պիտի չընդունէր մտաւորականութեան տիրապետութիւնը, ինչպէս որ Շարիաթին եւ այլ ազատախոհներ կ՛ակնկալէին։ Խոմէյնիի նոր սահմանադրութիւնը հիմնարկապահեց (Institutionalized) կղերականութեան աստուածային իրաւունքը։ Իննսունական թուականներուն կարգ մը մտաւորականներ, որոնք յուսախաբ էին նոր իրաւակարգէն, սկսան գովերգել ժողովրդավարութիւնը (demokrasi), ազատութիւնը (azadi), հաւասարութիւնը (barabari), մարդկային իրաւունքները (huquo-e beshar), քաղաքացիութիւնը (shahrvandi)։ Այս մտաւորականները ճանչցուեցան իբրեւ «իսլամ նոր մտաւորականներ»։ Ասոնց առաջնորդող դէմքը՝ Ապտըլքերիմ Սորուշն էր, որ Անգլիոյ մէջ հետեւած էր քիմիաբանութեան ու փիլիսոփայութեան։ Անիկա 1979-ին վերադարձաւ Իրան, ուր Խոմէյնիի կողմէ կարգուեցաւ նախագահը կոմիտէի մը, որ պիտի յառաջացնէր «մշակութային յեղափոխութիւն մը» բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառէն ներս, Իրանի համալսարաններուն մէջ, ձերբազատուելու համար արեւմտեան ազդեցութիւններէ։ Սակայն, Սորուշ շուտով անդրադառնալով, թէ կղերականութիւնը նպատակ  չունէր գործակցելու այլ ուժերու, մանաւանդ՝ բարեկարգիչներու հետ, ուղղութիւն փոխեց ու մօտեցաւ ազատականութեան։ Այնուհետեւ, 1990-ին անիկա թիրախ դարձաւ ծայրայեղականներու հետապնդումին։ Փակուեցաւ լոյս ընծայած իր հանդէսը՝ “Kiyan”-ը, եւ հրապարակաւ քննադատուեցաւ գերագոյն կրօնապետ Այաթոլլա Ալի Խամենէի կողմէ։ Սորուշ ստիպուեցաւ ապաստանիլ Մ. Նահանգներ, ուր ստանձնեց ակադեմական պաշտօններ։

Սորուշ բացակայեցաւ Պարսկաստանէն երկար տարիներ։ Սակայն, իմացական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած էին հոն, քսան տարիներու անոր բացակայութեան ընթացքին։ Մարդիկ սկսած էին դաւանիլ Սորուշի քարոզած իսլամութիւնը, որ հիմնուած էր բարեպաշտութեան ու բարոյականութեան վրայ, կեդրոնանալով անհատին յարաբերութեան վրայ Աստուծոյ հետ, ձերբազատուելով Խոմէյնիի փքած կրօնամոլութենէն։

 

Հաւատքէ անդին

 

Սորուշի համակիրները, սակայն, կորսնցուցած էին իրենց ազդեցութիւնը ու դուրս ձգուած իշխանութեան շրջանակներէն, ընդհանրապէս ոչ թէ փիլիսոփայական տարակարծութեանց, այլ՝ անձնական վէճերու պատճառով։ Բարեկարգիչները, թէեւ կը ջատագովէին անհատի իրաւունքները, սակայն չէին դաւանիր լուսաւորութեան արժէքները, կամ՝ ընդհանրական ազատութիւնը, կամ՝ հաւասարութիւնը։ Բարեկարգիչներու մեծամասնութեան համար վերոյիշեալ գաղափարները կամ սկզբունքները ընդունելի էին, երբ կիրարկելի ըլլային միայն «իրաւ» իսլամներու, եւ ոչ՝ անհաւատներու համար։ Նոյնիսկ Սորուշի համար քաղաքական տարբերութիւն մը կար հաւատացեալներուն եւ մնացեալներուն միջեւ։ Այս հիման վրայ ալ, 1988-ին Խոմէյնի ստորագրեց երկու գաղտնի ֆաթուաներ (կրօնական հրամանագիրներ), որոնց հիման վրայ հաւաքական մահուան ենթարկուեցան իր իշխանութեան դէմ պայքարող բանտարկեալ մտաւորականները, ինչպէս նաեւ՝ ձախակողմեան եւ ազգայնական պարագլուխները։

 

Մանուկները հանգիստ են

 

Այս ակնարկութիւնը կ՛երթայ 1979-էն ետք ծնած մտաւորականներուն կամ քաղաքական գործիչներուն։ Այս սերունը ողնայարը կը կազմէ Կանաչներու շարժումին (Green Movement), որ առարկեց 2009-ի նախագահական ընտրութեան խարդախուած արդիւնքին, որ իշխանութեան գլուխ բերաւ ծայրայեղական Մահմուտ Ահմէտինիժատը։ Այս նոր սերունդին մաս կը կազմէին համալսարանական ուսանողներ, լրագրողներ, մարդկային իրաւունքներու եւ իգական սեռի հաւասարութեան պահպաններ ու մահապատիժի դէմ եղողներ։ Իշխանութիւնները ճզմեցին Կանաչներու շարժումը՝ բռնադատեալ (forced) խոստովանութիւններով։ Այս ընդդիմադրութեան պարագլուխները, ինչպէս՝ Միր Հոսէյն Մուսավի ու Մեհտի Քարրուպի տան արգելափակումի (house arrest) ենթարկուեցան։ Թէեւ վերոյիշեալ շարժումը մարած կը թուի ըլլալ, սակայն բարեկարգչական (reformist) ոգին բոլորովին անհետացած չէ։ Այս շարժումը բոլորովին կ՛անտեսէ իսլամութեան ատենաբանութիւնը (discourse), աւելի խուզարկելով լուսաւորութիւնը (enlightenment)։

Այսպէս, Իրանի բարեկարգիչներու գործունէութիւնը սկիզբ կ՛առնէ 1905-07 թուականներուն, յառաջացնելով սահմանադրական յեղափոխութիւն Քաճարներու թագաւորութեան դէմ, հաստատելով Պարսկաստանի առաջին խորհրդարանը։ Անոնք իրենց առարկութիւնները կատարեցին առանց օգտագործելու կրօնական եզրաբանութիւններ (terminologies), որպէսզի կղերականութիւնը պատրուակ չունենար դատապարտելու իրենց նուիրումը իսլամութեան հանդէպ։ Սորուշի սերնդակիցները, ընդհակառակը, կրօնական բանավէճի մտան Խոմէյնիական տիրապետութեան դէմ, որովհետեւ անոնց համար «իսլամութիւնը միակ լուծումը չէր»։

Կրօնականները ներկայիս կը հակակշռեն կացութիւնը։ Անհաւանական է, որ վարչակարգը պիտի չկարենայ այլեւս անտեսել, ստանձնելով դժուարին պարտականութիւնը, նշանակելի դիտաւորութեամբ նկատի ունենալու լուսաւորութեան դարի աղերսող եւ անմար հաւատամքները (tents)։

 

(Յապաւումներով)

Թարգմ.՝ Սարգիս Յ. Մինասեան

«Foreign Affairs», հատոր 95, թիւ 93, Մայիս-Յունիս 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ