Հայ Քոյրերու վարժարանը տարի մը եւս յաջողութեամբ բոլորեց: Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողները եւ աշակերտներ համագործակցաբար ամբողջացուցին ուսումնական տարի մը եւս եւ ներկայացուցին 2016 տարուան պարարտ հունձքը՝ միջնակարգի շրջանաւարտները:
Հայ Քոյրերու Վարժարանին յատուկ է, որ շրջանաւարտ դասարանը նախքան իր աւարտական հանդէսը ունենայ իր շրջանաւարտներու պատարագը։ Կիրակի, 5 Յունիս 2016-ի առաւօտեան, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցին ցնծաց, երբ Հ.Ք. վարժարանի հունձքը նուիրաբերուեցաւ խորան. անոնք իրենց վկայականի տարազներով ուսուցիչներու, վարդապետին, սարկաւագներու եւ դպիրներու ընկերակցութեամբ, շարականներու երգեցողութեան ներքեւ մուտք գործեցին տաճար, ուր ծնողներ, գոհունակութեան եւ փառաբանութեան զգացումներով լի կը սպասէին անհամբեր:
Օրուան պատարագիչն էր Հայր Անտոն Վարդապետ Նորատունկեան, որ քարոզը հասցէագրեց շրջանաւարտներուն, զանոնք խրախուսելով ապագայ յաջողութիւններու հեռանկարով. աշակերտները կարդացին օրուան ընթերցուածները հայերէն լեզուով՝ Արփի Պոյաճեան իսկ անգլերէն՝ Արին Սիփան, ապա սրտի խօսք կարդացին անգլերէն լեզուով՝ Նոյ Շաթոյեան իսկ հայերէն՝ Ցոլեր Քիլիսեան, մնացեալ բոլոր աշակերտներն մասնակցեցան Ս. Պատարագին ստանձնելով արարողութենէն տարբեր բաժիններ: Յետ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ Գույումճեան սրահէն ներս:
***
Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ի յետ միջօրէին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդէսը վարժարանիս Դանիէլեան սրահէն ներս։ Շրջանաւարտներու կողմէ Տէրունական աղօթքի ապա հայկական եւ ամերիկեան քայլերգներու ներկայացումով հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ եւ շարունակուեցաւ պաշտօնական խօսքերով ներկայացուած՝ Տնօրէնուհի Քոյր Լուսիայի, դաստիարակներ՝ Լինտա Գանտիլեանի եւ Ուիլիամ Պասէթի կողմէ, իսկ աշակերտներու կողմէ ուղերձ արտասանեցին հայերէն լեզուով՝ Քաթիանա Գասպարեան եւ անգլերէն՝ Մէրի Քէօշկէրեան: Օրուան Հիւր պատգամաբերն էր վարժարանի նախկին աշակերտներէն Քալիֆորնիա Պըրքլի համալսարանի ուսուղութեան դպրոցի շրջանաւարտ՝ Օրդ. Գրիսթին Ղարիպեան, որ խրախուսեց շրջանաւարտները երախտապարտ ըլլալու իրենց շնորհուած բոլոր բարիքներուն համար եւ հաստատ քայլերով շարունակելու իրենց ուսումնական ճանապարհը:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով եւ խմբերգներով, որուն դաշնամուրով կ’ընկերակցէր վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Վարդուհի Պաղտասարեան, ապա խօսք առաւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի աշակերտական խորհուրդի նախագահ՝ Նարեկ Քիւրտեան սոյն տարուան մէջ կատարած իրենց նուաճումներուն մասին խօսելով: Հանդիսութիւնը համեմուեցաւ շրջանաւարտներէն Ռիթա Քէօշկէրեանի եւ Մելանի Սեփանեանի կողմէ երկլեզու ներկայացուած յիշատակելի դէպքերու պատումով։
Հանդիսութեան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ գնահատագրերու տուուչութիւն։ Շրջանաւարտ դասարանէն Նոյ Շաթոյան իր աւարտական տարուան ընթացքին դասերու կողքին նաեւ աշխատած եւ յօրինած էր երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը նուիրուած 11 տարուան իր երկրորդ տունը համարուող Հ.Ք. վարժարանին, դաստիարակներուն եւ անձնուրաց քոյրերուն։ Ան մեծ ապրումով նուագեց իր յօրինուածքը։
Վերջապէս սպասուած պահը եկած էր աշակերտները մեծ ուրախութեամբ նաեւ յուզումով ստանձնեցին իրենց վկայականներն ու նուէրները եւ համբերութեամբ լսեցին Գերապայծառ Մուրատեանի զիրենք քաջալերող եւ խթանող խօսքերը։
Ուրախութիւնը շարունակուեցաւ «Տիլաքս» ճաշարանէն ներս՝ կարկանդակի հատումով, շքեղ ընթրիքով, պարերով եւ երաժշտութեամբ: Կը շնորհաւորենք ծնողները, որոնք ոչ մէկ ջանք խնայեցին իրենզ զաւակներու դաստիարակութեան համար, նաեւ կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք շրջանաւարտներուն, որոնք պիտի ըլլան Հ.Ք. վարժարանի դեսպանները իրենց գացած իւրաքանչիւր երկրորդական վարժարանէն ներս:
Յապաւումներով
Լինտա Գանտիլեան