Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները Հայկ Նագգաշեան 1926, Պէյրութ – 2016, Մոնթրէալ. Արա Ահարոնեան

Երախտաւոր Նագգաշեան ծնած է Պէյրութ՝ 1926 Յունիսին։ Եղեռնէն ճողապրած սեբաստացի Նագգաշեան գերդաստանը իջեւանած էր Միջին Արեւելեան զանազան երկիրներ։ Իսկ Հայկի ծնողները կու գան բնակութիւն կը հաստատեն Մայրիներու երկրի հիւընկալ մայրաքաղաքը։ Պատանի Հայկը իր ծննդավայրէն ներս ստանալէ ետք նախնական կրթութիւնը, 1937-ին կ՛ուղարկուի Կիպրոս, յաճախելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նախապատրաստական բաժինը 2 տարուան համար, ու ապա նոյն հաստատութեան մէջ կը շարունակէ իր երկրորդական ուսումը։ Մելգոնեանէն ներս ան պիտի ունենար որպէս ուսուցիչ արեւմտահայ ատենոյ երախտաւոր դաստիարակներու յոյլ մը, ու իրեն հասակակից տղոց հետ, պատանի Հայկը կը տոգորուի հայրենասիրական անշեղ գաղափարախօսութեամբ։ Համաշխարհային Բ. Պատերազմը անապահով վիճակի մատնած էր Միջին Արեւելեան երկիրները, ու Կիպրոսն ալ այդ տարածքէն ներս անկայուն վիճակի մատնուած ըլլալով, Նագգաշեան 1944-ին որպէս թերաւարտ կը վերադառնայ Պէյրութ։ Աւելի բարենպաստ ապագայ մը որոնելու համար կը մեկնի Ամման, ուր ունէր ընտանեկան հարազատներ, որոնք գործօն մասնակցութիւն կը բերէին Պաղեստինի եւ Յորդանանի հայկական գաղութներէն ներս։

1946-ին Հայկ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն Ամմանի Ազգային վարժարանէն ներս։ Միութենական իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ամմանի գաղութէն ներս, դառնալով հիմնադիրներէն Ազգային Մարզական Միութեան։ Պէտք է ըսել, որ Ամմանի փոքրաթիւ գաղութէն ներս ԱՄՄ-ը աշխոյժ գործունէութիւն կը կատարէ գաղութի վերելքին, անցնող 70 տարիներուն։

Նագգաշեանի գաղափարական հակումներն ու ազգային դաստիարակութիւնը զինք կը մղեն մուտք գործելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը։

1948-ին կ՛որոշէ վերադառնալ Պէյրութ ու նուիրուիլ հրապարակագրական ու կրթական գործին։ Հայկ կը դառնայ քարտուղարը Լիբանանի Հ.Բ.Ը. Միութեան Կրթական Յանձնախումբին, որ այդ օրերուն արդէն կը հովանաւորէր զոյգ երկրորդական վարժարաններ։

Իսկ որպէս հրապարակագիր իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Զարթօնք» օրաթերթին, երբեմն ալ օժանդակելով խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանին։

Շուրջ երեք տարի Պէյրութի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք գաղութահայ կեանքին, 1951-ին կը հրաւիրուի Ատիս Ապապա, դասաւանդելու տեղւոյն հայկական վարժարանէն ներս։ Եթովպիոյ այդ փոքրաթիւ գաղութը, 50-ականներուն ունէր աշխոյժ եռուզեռ մը։ Այդ օրերուն եթովպահայ գաղութէն ներս յայտնի ազգայիններ էին՝ Մարտիրոս Տարագճեանը, Երուանդ Տէրենցը, Հայկաշէն Ուզունեանը եւ ուրիշներ։ Նագգաշեան ծանօթ ըլլալով Ուզունեանին՝ Մելգոնեանի ուսանողական օրերէն, կը դառնայ անոր սերտ գործակիցը՝ ստանձնելով ատենապետութիւնը Ատիս Ապապայի «Արարատ» Միութեան եւ ատենադպրութիւնը վարժարանի կրթական խորհուրդին։

1958-ին իրեն կ՛առաջարկուի գերմանական «Պայէր» դեղորայքի ու քիմիական արտադրութեանց համար դառնալ ներկայացուցիչ Եթովպիոյ եւ Արեւելեան Ափրիկէի համար, ու կը մնայ որպէս այցելու ուսուցիչ Ատիս Ապապայի ազգային վարժարանէն ներս։

1964-ին կը վերադառնայ Պէյրութ, ու իր ներկայացուցչական պաշտօնը կը շարունակէ, որպէս առեւտրական գործավար Միջին Արեւելքի մէջ։ Կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ Սօսի Թորոսեանը, կազմելով իր ընտանեկան բոյնը հայատրոփ մթնոլորտի  մէջ, ու անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Վահան, Սեւան եւ Շահէ։

Հասարակական կեանքի իր խանդավառ մասնակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակէն ներս, ինչպէս նաեւ գրական մասնակցութիւն բերելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» գրական ամսագրին, ու մնայուն աշխատակից կը դառնայ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթերուն՝ «Զարթօնքի», «Պայքարի» ու «Նոր Օրի»։

Հայկին կը վստահուի ՌԱԿ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենադպիրի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ կը դառնայ միջկուսակցական Լիբանանի Մարմնի ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչը, գործնական աշխատանք տանելով 1975-ին սկսած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն։

ՌԱԿ ԺԵ. Ընդհ. Պատգ. Ժողովին, 1977 Սեպտեմբերին ան կը դառնայ անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, ու այդ հանգամանքով ալ, ատենապետ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի կողքին՝ մասնակից կը դառնայ միջկուսակցական գերագոյն մարմնին, որ ստեղծուած էր երկխօսութեան համար առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Սապրի Չաչլայանկիւլի հետ։

Կը ստանձնէ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի ատենադպիրի պաշտօնը շրջանի մը համար։ 1979-ին լոյս կը տեսնէ իր առաջին հատորը՝ «Որսորդի ուղիներով» խորագրին տակ։

1982-ին Նագգաշեան դարձեալ մաս կը կազմէ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան՝ ատենադպիրի պաշտօնով, Կիպրոսի մէջ գումարուած ՌԱԿ ԺԶ. Ընդհ. Պատգ. Ժողովին։ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնը վերակազմակերպման հանգրուանի առջեւ կը գտնուէր այս շրջանին, գործադիր յանձնախումբերու կազմութեամբ։ Հայկ Նագգաշեանին կը վստահուի այդ պատասխանատուութիւնը։ Ան իր շուրջ կը բոլորէ մտաւորականներու աշխոյժ կազմ մը, որոնք քարոզչական աշխատանքներով հանդէս կու գան Մեծ Եղեռնի 70-ամեակին, մանաւանդ բազմալեզու հրատարակութիւններով ու պահանջատիրական յօդուածներով։

1984-ին Նագգաշեան կ՛ընտրուի ատենապետը ՌԱԿ Լիբանանի Շրջ. Վարչութեան. պաշտօն մը, որ ան ձեռնհասօրէն պիտի վարէր յաջորդ հինգ տարիներուն, մանաւանդ ամրապնդելով փոխ յարաբերութիւնները լիբանանահայ գաղութի կառոյցներուն հետ։ Այս շրջանին ան կը դառնայ նաեւ անդամ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջ. Յանձնաժողովին, որուն կ՛ատենապետէր ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանը։

Նագգաշեանի հրատարակչական աշխատանքը 80-ական թուականներուն կը դառնայ ակներեւ ու 1982-ի գարնան, սփիւռքահայ այլ մտաւորականներու հետ կը հրաւիրուի մասնակցելու Խ. Հայաստանի Գրողներու Միութեան համագումարին։

1987-ին արդէն լոյս ընծայած էր իր երկրորդ հատորը, դարձեալ որսորդական յուշերէ առնուած՝ «Մարկերիթայի առիւծները» խորագրով. իսկ 1984-ին՝ «Անաւարտ պատմութիւն» եւ 1985-ին «Սրբազան ծառին տակ» վիպակները։

Երեւանի մէջ, Գրողներու Միութեան համագումարին իր մասնակցութեան առիթով «Սովետական Գրող» հրատարակչատունը 1982-ին լոյս կ՛ընծայէ Նագգաշեանի «Ափրիկեան անտառներուն մէջ» հատորը։

1986-ին Նագգաշեան դարձեալ կը հրաւիրուի Երեւան, մասնակցելու գրողներու համագումարին, իսկ յաջորդ տարին, հրաւէր կը ստանայ հայրենիք մեկնելու, այս անգամ մասնակցելու ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագրի 30-ամեակին, խմբագիր Օննիկ Սարգիսեանի ու գրող Արամ Սեփեթճեանի հետ։

Նագգաշեան 1986-ին կը հրատարակէ «Դէպի ինքնութիւն» վիպակը, որ առհասարակ ազգային-ընկերային խորք ունեցող հրատարակութիւն մըն է։

Նագգաշեան գրական ու հրատարակչական աշխատանքներէ բացի, 20-ամեակ մը ամբողջ ՌԱԿ-ի ծրագիրներով իր մասնակցութիւնը բերաւ։ 1979-ին կը հրաւիրուի ԱՄՆ ու կը ստանձնէ ԹՄՄ-ի Պոսթոնի գրասենեակի վարիչ քարտուղարութեան պաշտօնը։ 1980-ի գարնան կը վերադառնայ Լիբանան։ Նոյն տարին Նագգաշեան նաեւ արժանաւորապէս կը ստանայ ԹՄՄ «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակը, իր առաջին հրատարակութեան առթիւ։

1989-ին ընտաեօք կ՛որոշէ հաստատուիլ Մոնթրէալ, ուր որպէս անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել ազգային կարեւոր խնդիրներուն։ 1990-ին որպէս լիազօր ներկայացուցիչը ՌԱԿ-ի, կը մեկնի հայրենիք, ներկայ գտնուելու հոն կայացած Ազգային Ժողովին ու իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայոց Համազգային Շարժումի հիմնադիր համագումարին։ 1991-ին կ՛աւարտէ Կեդրոնական Վարչութեան անդամի երրորդ շրջանը, ու կը նուիրուի Մոնթրէալի տեղական ակումբին, կողակիցին՝ Սօսիին հետ։

1999 Սեպտեմբերին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք կը նշանակէ երէց խորհրդատու ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան, որ պիտի մասնակցէր Երեւանի մէջ Հայրենիք-Սփիւռք Ա. համագումարին։ Իսկ աւելի ուշ՝ 2001-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ իր տարիներու աշխատանքին պտուղը՝ «Բերքահաւաք» խորագրով, որ հաւաքածոյ մըն է երախտաւորին հասարակական կեանքի յուշերուն եւ պատմուածքներուն։ Մինչ այդ՝ 1994-ին Պէյրութի մէջ հրատրակուած էր անոր  եօթներորդ հատորը «Բնութեան կանչը» խորագրով։

Հակառակ իր յառաջացած տարիքին ու տեսողութեան յարաբերաբար տկարացումին, Նագգաշեան իր վերջին հատորը որպէս կէս դարու հրապարակագրութիւն, կը խտացնէ 672 էջերու մէջ, «Խճանկար» խորագրով։ Հատորը խմբագրած է երկար տարիներու իր գրչեղբայրը՝ Արամ Սեփեթճեան Պէյրութի մէջ։ 2013-ին արժանաւորապէս կը ներկայացուի Նագգաշեանի վերջին հատորը Մոնթրէալի մէջ, ու այս առիթով ան կ՛արժանանայ Ամենայն Հայոց Վեհափառի «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանին։ Երկարամեայ վաստակաւորն ու հրապարակագիրը իր աչքերը յաւիտեան փակեց Մոնթրէալի մէջ՝ 4 Մայիս 2016-ին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ