Յուլիս 2-ին, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ, հեռաձայնային զրոյց ունեցած են Սերկէյ Լաւրով եւ Ճոն Քերրի։ Անոնք քննարկած են սուրիական ճգնաժամը յաղթահարելու միջոցները, ընդգրկելով նաեւ ռուս-ամերիկեան համագործակցութեան հնարաւորութիւնները այդ ուղղութեամբ։Քննարկուած է նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի յետագայ քայլերը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ Յունիս 20-ի Փեթերսպուրկի հանդիպումին արդիւնքները։