Երէկ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ եղած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն մէջ կայ հայ մը: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան խօսնակ ՝ Տիգրան Բալայեան: Նշենք, որ Նիսի մէջ երէկ գրանցուած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած էր 84-ի, իսկ 18 վիրաւորեալներուն վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով նշած էր, թէ երկիրը կը գտնուի ահաբեկչական լուրջ սպառնալիքներու տակ է եւ այդ առումով ապահովական յատուկ միջոցառումներ պիտի գործադրուին: