Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Սուրբ Փիլիպոս հայկական եկեղեցւոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի պատարագ մատուցուած` ի յիշատակ Յուլիս 14-ին Նիսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերուն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցուի Nouvelles d’Armenie պարբերականը որ նաեւ կը յայտնէ, թէ պատարագին մասնակցած են նաեւ Երուսաղէմի սուրբ Ղազարի միաբանութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆիլիփ Պիկապիետրան, Սուրբ Փիլիպոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Գրիգոր Խաչատրեանը, Լոնտոնի սուրբ Մեսրոպ հայկական եկեղեցւոյ հովիւ հայր Շնորհք Բաղդասարեանը, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:Պատարագին մասնակցած է նաեւ ահաբեկչութեան ընթացքին վիրաւորուած 10-ամեայ տղայ մը, որ եկեղեցւոյ երգչախումբին անդամ է:Պատարագէն ետք հաւատացեալները Տ. Վահան Արք. Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ մեկնած են «Բրոմենատ տէզ Անգլեզ» (անգլիական ճեմուղի), ուր տեղի ունեցած էր ահաբեկչութիւնը եւ աղօթած զոհուածներու հոգիներուն համար:«Մենք եկած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերուն եւ վկայելու մեր համերաշխութեան, սրտակցութեան մասին, կիսելու Նիսի բնակիչներուն ցաւը: Յիշելը հաւատքի եւ դիմադրութեան քայլ է, քանզի ատով կը պահպանենք կեանքի նկատմամբ յոյսը»,- դիմելով հաւաքուածներուն` ըսած է Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը:Ֆրանսայի միջերկրածովեան Նիս քաղաքին մէջ Յուլիս 14-ի երեկոյեան տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած է 84 մարդ: Տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած են: Բեռնատարը մխրճուած է ազգային տօնի առիթով քաղաքի կեդրոնական հատուածներէն մէկուն մէջ հաւաքուած ամբոխին մէջ, ապա ահաբեկիչը կրակ բացած է մարդոց ուղղութեամբ: Վարորդը սպաննուած է ոստիկաններուն կողմէ: