ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակին մէջ մեկնարկած է բազմաստիճան շտապային զօրավարժութիւն, որուն կը մասնակցին Պաշտպանութեան բանակի վարչութիւնը, միաւորումներու, զօրամասերու եւ գումարտակներու հրամանատարական կազմը, շտապները, ղեկավարման եւ ապահովման մարմինները: ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ ` զօրավարժութեան նպատակն է կատարելագործել զինուած ուժերու ղեկավարման համակարգը, հրամանատարներու ու շտապներու գործնական ունակութիւնները, անոնց պատրաստութեան եւ փոխգործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել բոլոր օղակի ղեկավարման մարմիններու մարտավարամասնագիտական կարողութիւններն ու բարոյահոգեբանական յատկանիշները, ներգրաւուած սպայակազմի` իրադրութեան գնահատման եւ որոշումներ ընդունելու ունակութիւնները, դաշտային վարժուածութեան մակարդակը: Զօրավարժութեան ծիրէն ներս կ՛իրականացուի մասնակից զօրամասերուն կցագրուած սպայակազմի մասնակի համալրում, տեղի կ՛ունենան մարզումներ, կը ստուգուին մարտական կարգով աշխատելու ունակութիւնները: