Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Բժշկական խումբ մը Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոն մուտք գործեց

Էրէբունիի ՊՊԾ  կեդրոնէն ներս  երէկ ուշ  երեկոյեան եղած  փոխ- հրաձգութիւնէն ետք հիւանդանոց փոխադրուած վիրաւորներէն բացի կան այլ վիրաւորներ:  Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ յայտնած  են, որ խումբ մը բժիշկներ ընդառաջելով  «Սասնայ ծռեր» տղոց կոչերուն վիրաւորները բուժելու նպատակով մուտք գործած են ՊՊԾ կեդրոն: Ըստ ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեանի կեդրոն մտած  բժիշկները եւ անոնց օգնականները  պատանդ առնուած են   «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց կողմէ: Մինչ Հայաստանի բժշկական  հասարակութիւնը դատապարտած է դէպքը, անդին կը հաղորդուի, որ երէկ ուշ  գիշերին եղած միջադէպին հետեւանքով վիրաւորեալներուն  թիւը հասած է 14-ի, որոնց 6-ը «Սասնայ ծռեր»  խումբի անդամներ են: Նշենք, որ    երէկ վիրավորում ստացած Պաւլիկ  Արամ  Մանուկեաններու իրավիճակը կը շարունէ մնալ ծանր: Անոնք  վիրաբուժութեան ենթարկուած  են  եւ մինչ  Արամ Մանուկեանի տրուած արհեստական շնչառութիւնը դադրեցուած է կը հաղորդուի, որ Պաւլիկ Մանուկեան   տակաւին երկար ժամանակով    արհեստական շնչառութիւն  պիտի ստանայ: Նշենք, որ  եղած միջադէպէն ետք «Սասնայ ծռեր» խումբի 31 զինեալներէն 24 կը շարունակեն մնալ  ՊՊԾ կեդրոնէն ներս:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ