Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոյն ակնոցով դիտելու ժամանակը

Աւելի քան տասը օրեր անցած են այն պահէն, երբ խումբ մը զինեալներ մուտք գործելով Երեւանի Էրեբունի շրջանի ոստիկանական կառոյց՝ գրաւած են զայն, ներկայացնելով իրենց պահանջները. նախագահ Սարգսեանի հրաժարում, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում՝ սկսելով Ժիրայր Սէֆիլեանէն, նոր կառավարութեան ստեղծում, երկրէն ներս ընկերային հարցերու լուծում՝ աղքատութիւն, անօրինականութիւններ, արտագաղթ, Արցախեան տագնապի հարցով ոչ մէկ հողային զիջում։ Վերջապէս՝ յեղափոխութիւն, Արեւելքի ու Արեւմուտքի հսկաներուն միջեւ Հայաստանի դիրքի յստակեցում։

Պէ՛տք է հասկնալ սովորական քաղաքացիին բողոքն ու դժգոհութիւնը, երբ ան կը մասնակցի ցոյցի կամ լուռ կը հետեւի իրադարձութիւններուն զարգացումին։ Ժողովուրդը յոգնած է խոստումներ լսելէ, որուն ծայրայեղ մէկ արարքին արդիւնքն է այսօրուան կացութիւնը։ Իսկ «Սասնայ ծռերը» կրակին հետ կը խաղայ. եւ խաղալով կրակին հետ, ան աչքը առած է, որ կրնայ մատը այրել։

Ըլլայ Երեւանի, ըլլայ շրջաններուն մէջ, աղքատութիւնը աչք կը ծակէ Հայաստանի մէջ։ Սովորական ժողովուրդը օրուան հացի համար պայքար կը մղէ։ Ընկերային անարդարութիւններէն (կաշառակերութիւն, փտածութիւն, ուժի օրէնք) նաեւ ծնունդ առաւ ներկայ վիճակը եւ այդ է պատճառը, որ կը քարկոծուի նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

Քաղաքականօրէն շատ աւելի խորունկ է խնդիրը։ Հայաստան կը մնայ նոյն կռուախնձորը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Դարերը կ՚անցնին, իսկ պատմութիւնը կը կրկնուի։ Երէկ մէկ կողմը Հռոմն էր ու միւս կողմ՝ Պարթեւները, Բիւզանդիոնն էր եւ Արաբները, Օսմանեան կայսրութիւնն էր եւ Պարսկաստանը, թուրքն էր եւ Ռուսական կայսրութիւնը, Ամերիկան էր եւ Սովետական Միութիւնը. եւ այսօր նոյն Արեւմուտքն է եւ «հիւսիսի քեռին»՝ Ռուսաստանը։

Անկախութեան 25-ամեակի Սեպտեմբեր 21-ը ի՞նչ անակնկալներու դիմաց պիտի բերէ մեզ՝ առայժմ ոչ մէկուս ծանօթ չէ, սակայն՝ ժամանակն է նո՛յն ակնոցով դիտելու եւ նոյն անունով կոչելու ամէն մէկ երեւոյթ եւ իր։ Պահն է լրջանալու, որպէսզի արիւն չթափուի, պահն է իրերը կոչելու իրենց անուններով եւ մատի ետեւ չպահուըտելու, որովհետեւ սպառած չե՛ն երկխօսութեան բոլոր ձեւերը, սպառած չե՛ն ողջախոհ քայլերը եւ ժա՛մ առաջ պէտք է «Սասնայ ծռերը» փոխէ իր մարտավարութիւնը եւ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի յաւերժութեան վերատեսութեան ենթարկէ իր քայլերը, որպէսզի իրականացնէ իր նպատակները։ Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը գերագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերէ եւ վերաքննութեան ենթարկէ իր գործելաոճը։

Արցախեան տագնապը, շրջանային քաղաքականութիւնը, Թուրքիոյ անկայունութիւնը, արեւմտա-եւրոպական պետութիւններէ ներս ամենօրեայ դարձած միջադէպերը, ծայրայեղ իսլամականութիւնը եւ միջազգային բեւեռացումները ո՞ւր կը տանին աշխարհը։ Իսկ մենք՝ հայերս եւ Հայաստան ու Արցախ՝ անդամը ըլլալով հանդերձ միջազգային ընտանիքին, ունինք մեր խնդիրները։

Վերջին տասնամեակին, աշխարհի տարածքին յանուն ժողովրդավարութեան տեղի կ՚ունենան յեղափոխութիւններ, որոնց մէկ մասը քաղաքացիական պատերազմի եւ քանդումի եզրին հասցուցին կարգ մը պետութիւններ։ Զգո՛յշ՝ ներքին կամ արտաքին դրդումներու զոհը չերթանք։ Կը կրկնենք՝ եկէք նոյն ակնոցով դիտենք հայաշխարհը, Հայաստանն ու հայութիւնը։ Պահն է վերարժեւորումի եւ վերակառուցման։ Օ՛ն։

 

27 Յուլիս 2016 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ