Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաստափոր «գեներալներ» և «իշխանաւորներ»

Հպանցիկ ակնարկ մը նետելով աշխարհի ռազմական պատասխանատուներուն և հրամանատարներուն կենցաղային երևոյթներուն վրայ, մեր աչքին դիմաց անմիջապէս կ՚ուրուագծուի Միացեալ Նահանգներու, ռուսերու, եւրոպացիներու և զանազան այլ երկիրներու, նոյնիսկ՝ կարգ մը արաբական և ասիական երկիրներու հրամանատարներուն ֆիզիքական բարեկիրթ և վայելուչ տիպարը, և ինչու չէ՝ նոյնպէս՝ հայ զինուորին, բայց ո՜չ մեր սիրելի և յարգելի հրամանատարներուն և մանաւանդ՝ «գեներալներուն» (ի բաց առեալ մեր նուիրեալ հրամանատարները, որոնց ծանօթացանք Արցախեան ճակատին վրայ Ապրիլի 2-5-ին տեղի ունեցած դէպքերուն առիթով)։

Այնպէս կը թուի, թէ մեր հայ հրամանատարներուն և իշխանաւորներուն տուեալ մակդիրն ու դիրքը, անսահման իրաւասութիւններ տուած են անոնց գործելու սանձարձակ, նոյնիսկ բանակին և հայ զինուորին զինուորական և կենսական յատկացումները յափշտակելով: Այդ «իրաւասութիւնները» գործադրուած են յափշտակելու ժողովուրդէն և մանաւանդ՝ հայրենիքի սահմանները պաշտպանող երիտասարդէն, անոնց արեան գնով, իրենց որկորներու և դրամատան հաշիւներու «հաստացման» հաշուոյն, երբ այդ պատանի հայ զինուորը մեր հայրենիքը կը պաշտպանէ սահմանի երկայնքին, ձմրան փուքին կամ ամրան կիզիչ արևին տակ կանգնած, ի միջի այլոց նաև՝ պաշտպանելով այդ մարդոց շահերը, որոնք դոյզն իսկ արժանի չեն անոր: Իսկապէս ծիծաղելի է տեսնել հաստափոր այդ «գեներալներու» շարքը զինուորական տողանցքին, շքանշաններու բաշխման և կամ այլ առիթներով, որոնք կը շարուին կողք-կողքի, ցոյց տալու համար իրենց հզօր… երեւոյթը, Խորհրդային Միութենէն սովորութիւն մնացած կամ ժառանգած, երկկողմ կուրծքերէն վար կախուած շքանշաններով զեղուն՝ մինչև իրենց փորերը: Արդեօք, ասոնք զե՞րծ կը մնան մարմնամարզական կրթութենէ:

Բաղդատութիւն մը ընելու սիրոյն, ուշադրութիւն դարձուցէք այլ երկիրներու զինուորական տողանցքներու մասնակից զինուորականներու և ըստ այնմ դատեցէք:

Արդեօք, միայն ուտել խմելով և «քայֆ» անելո՞վ կրնանք վայելել մեր կեանքը, վրան աւելցնելով պարը, որ կարծէք վարակիչ հիւանդութիւն դարձած է հայ ժողովուրդին մէջ, ամէն ներկայացած առիթի: Իսկ սանձարձակ գործունէութիւնները, նեխածութիւնը, կաշառակերութիւնը, անօրէն հարստութիւնը և յափշտակութիւնները ընդօրինակութի՞ւն են օտար ազգերէն, թէ՝ բնածին տաղանդ է մեզի համար:

Եթէ նմանօրինակ պարագաներ գոյութիւն ունին այլ ազգերու մէջ, պարզապէս օրինակ առնելու համար կրնանք Միացեալ Նահանգներու պատերազմական պիւտճէին յատկացուած գումարները նկատի առնել, ուր կրնանք տեսնել 770 միլիառ տոլարի գրանցուած և 250 միլիառ տոլարի թաքուն պիւտճէ մը, որ կը նմանի ծովու քանակութեամբ յատկացուած ծախսերու՝ բանակին զանազան ճիւղերուն համար: Անօրէն հարստահարումներ կամ չարաշահումներ, որոնք անպայման կը պատահին ամէնուրեք, մանաւանդ՝ բանակի պահեստներու, մթերքներու կամ ռազմական արդիւնաբերութիւն մատակարարողներու հոյլին մէջ (այդ ալ տարբեր պարագայ), օրինակ՝ երբ մէկ մոխրամանը արժէր 100 տոլար, կամ «հէմպըրկըր» մը 50 տոլար, բանակին յատկացուած վերոյիշեալ պիւտճէին հաշուոյն, համարեա ոչինչ պիտի ազդէր անոր վրայ, ծովէն դոյլ մը ջուր առնելու նմանութեամբ: Սակայն, այդ խստօրէն անկարելի կը դառնայ բանակի շարքերուն մէջ, բարձրաստիճան հրամանատարէն սկսեալ մինչև զինուորական վերջին շարքայինը. երբ մեր հայրենի երկրին ընդհանուր պիւտճէն Միացեալ Նահանգներու ռազմական պիւտճէին նոյնիսկ ճղճիմ կէս առ հարիւրը չի կազմեր, ի՞նչ իրաւասութեամբ և խիղճով կը կողոպտուի այդ երկրին ռազմական պիւտճէին յատկացուած կենսական ռազմական, կենցաղային և սննդական պահեստներն ու յատկացումները: Եթէ բնաւ, այդ բարձրաստիճան «հրամանատարները», ունենային գոնէ այն տարրական տրամաբանութիւնը, ուր ուրուագծուէին մահու և կենաց սահմանները, որոնք վերջապէս հասանելի են նաև իրենց դղեակներուն ոսկեզօծ պարիսպներուն, հաւանաբար չմտածէին կողոպտել զինուորին տրամադրուած կենսանիւթը և մթերքը:

Աւատապետական մտայնութեամբ սնած և մինչև այսօր զարմանալիօրէն տակաւին գոյութիւն ունեցող այդ անձերուն տեղ կամ պատուանդան պէտք չէ յատկացուի նոյնիսկ խցիկներու մէջ՝ մեր այսօրուան ժողովրդական պահանջներով:

Զարթնեցէ՛ք սիրելի «գեներալներ» և «իշխանաւորներ», ժողովուրդը ստրուկ չէ՛ այսօր, և ներկայի վերջին պատահարները Երեւանի մէջ, որոնք այպանելի են իրենց ընթացքով, թող ձեր ուղեղներուն մէջ հնչեն որպէս զգաստութեան կոչ, քանի դեռ ուշ չէ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ