Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ 27-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

 ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը, կուսակցութեանս Գերագոյն Ժողովն է եւ յաջորդողը՝ պատմական նախորդ 26 Գերագոյն Ժողովներուն։

ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան 95-րդ ամեակին առթիւ եւ առաջին անգամ ըլլալով, ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը խորհրդանշականօրէն գումարուեցաւ՝ 26-27 Մայիս 2016-ին քաղաքամայր Երեւանի մէջ, որուն Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահը՝ Տիար Սերժ Սարգսեան յղեց իր ողջոյնի խօսքը։ Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանը՝ որ ներկաներուն փոխանցեց Հայաստանի նախագահին ժողովիս յղած խօսքը։

ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին Պաշտօնական Բացումին յաջորդող օրը՝ այս պատմական համագումարին առիթով կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, ներկայ եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառի ներկայացուցիչը: ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին իր Օրհնութեան Գիրը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը:

Նկատի ունենալով կարգ մը մարդոց ապատեղեկատուութեան նպատակով վերջերս տարածած անճիշդ եւ յերիւրանքներով լեցուն գրութիւնները, որոնք կը հետապնդեն հանրութիւնը սխալ կողմնորոշելու նպատակ, ինչպէս նաեւ կը նպատակադրեն անարդարօրէն վարկաբեկել պատմական կարեւորութիւն եւ օրինական իրարայաջորդականութիւն ունեցող՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, պարտք կը զգանք միանգամընդմիշտ յստակացնելու եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու հետեւեալ իրողութիւնը, որ կը վերաբերի անոր կազմակերպչական ընթացքին.

ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին հրաւիրող՝ ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն ներկայացուած էին աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 19 շրջանակներէն 16-ին պատգամաւորներու ընտրութեանց ժողովներու փաստաթուղթերը եւ համապատասխան լիազօրագրերը, ստուգեց ներկայացուած փաստաթուղթերը, որոնք համահունչ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կանոնագրութեան հետեւեալ յօդուածներուն՝ 

Յօդ. 79 – Իւրաքանչիւր շրջանակ պատգամաւոր կ’ընտրէ իր շրջանակի անդամներէն եւ կամ ի հարկին ուրիշ շրջանակի պատկանող ընկերներէն, պայմանաւ որ անոնք ընտրելիութեան հանգամանքը ներկայացնեն:

Յօդ. 80 – Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն եւս կրնան պատգամաւոր ընտրուիլ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին համար, պայմանաւ որ անոնք ձայն չունենան Կեդրոնական Վարչութեան համարատուութեան ատեն: Վերոյիշեալ օրինական թղթածրարին ամբողջացումին հիման վրայ, ստուգուեցաւ ներկայութիւնը հետեւեալ 16 շրջանակներու ընտրեալ պատգամաւորներու կամ անոնց օրինականօրէն փոխարինող փոխ-պատգամաւորներու՝

1. ՌԱԿ Արեւմտեան Քանատայի Շրջանակ. ներկայացուած ժողովին ներկայ հետեւեալ ընկերով՝ Ստեփան Պ. Փարթամեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Վարդօ Փափազեանի եւ ատենադպիր՝ ընկերուհի Մելինէ Քեվրանեանի կողմէ):

2. ՌԱԿ Կեդրոնական Քանատայի Շրջանակ. ներկայացուած ժողովին ներկայ հետեւեալ ընկերով՝ Էօժէն Քարաճեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Նուպար Երկանեանի կողմէ):

3. ՌԱԿ Արեւելեան Քանատայի Շրջանակ. ներկայացուած ժողովին ներկայ հետեւեալ ընկերով՝ Արա Ահարոնեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 11.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Վարուժան Քեշիշեանի կողմէ):

4. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Ռաֆֆի Պալեան, Գէորգ Գրիգորեան, Յակոբ Նազարեան, Մայք Քիւթնէրեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 11.07.2015 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Ռաֆֆի Պալեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Հրաչ Սեփեթճեանի կողմէ):

5. ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Նորայր Մկրտիչեան եւ Յարութիւն Տիրացուեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 18.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Նորայր Մկրտիչեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Յարութիւն Տիրացուեանի կողմէ):

6. ՌԱԿ Հարաւային Ամերիկայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Սերխիօ Նահապետեան եւ Մայք Խարապեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 18.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Հրայր Շահինեանի կողմէ):

7. ՌԱԿ Մեծն Բրիտանիայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերով՝ Վարդան Ուզունեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 18.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Վարդան Ուզունեանի կողմէ):

8. ՌԱԿ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Վազգէն Էսկիճեան, Գլոտ Չավուշ, Յակոբ Անդրէասեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Վազգէն Էսկիճեանի եւ վ-ատենադպիր՝ ընկեր Կարապետ Սայապալեանի կողմէ):

9. ՌԱԿ Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Հրայր Հովիւեան եւ Ենովք Գաճոյեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 21.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Հայկ Լեփեճեանի եւ ատենադպիր՝ ընկերուհի Տաթեւիկ Գրիգորեանի կողմէ):

10. ՌԱԿ Արցախի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Բարդուղ Գալստեան եւ Վահրամ Արզումանեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 22.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Հանրապետական Վարչութեան դիւանին կողմէ):

11. ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Սեւակ Յակոբեան եւ Վիգէն Ասիլեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 23.07.2015 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Սեւակ Յակոբեանի կողմէ):

12. ՌԱԿ Հիւսիսային Սուրիոյ (Հալէպ) Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Լեւոն Պըլքեան եւ Ալեքսան Գարատանայեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 09.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Լեւոն Պըլքեանի եւ վ-ատենադպիր՝ ընկեր Ենովք Գաճոյեանի կողմէ):

13. ՌԱԿ Հարաւային Սուրիոյ (Դամասկոս) Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերուհիով՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 20.04.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Գէորգ Կէօնճեանի կողմէ):

14. ՌԱԿ Յորդանանի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Անդրանիկ Լեփեճեան եւ Յակոբ Յակոբեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 23.03.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Ներսէս Ներսէսեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Անդրանիկ Լեփեճեանի կողմէ):

15. ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Յակոբ Շէօհմէլեան եւ Յակոբ Փանոսեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 10.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Շէօհմէլեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Սարօ Նագգաշեանի կողմէ):

16. ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանակ. ներկայացուած հետեւեալ ներկայ ընկերներով՝ Խորէն Գալընեան եւ Էտի Մանուկեան (հիմնուած տուեալ Շրջանակի 12.05.2016 թուակիր պաշտօնական լիազօրագրին վրայ, ստորագրուած՝ տեղւոյն Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Հրայր Ճըղալեանի եւ ատենադպիր՝ ընկեր Խորէն Գալընեանի կողմէ):

Ժողովին օրինականապէս մասնակցելու իրաւասութենէ դուրս կը մնային հետեւեալ 3 շրջանակները՝ Իրաք, Յունաստան եւ Կիպրոս (իրենց կազմալոյծ վիճակին պատճառով, որուն որպէս հետեւանք տեղական օրինական ժողով մը չէին յաջողած գումարել՝ ընտրելու իրենց պատգամաւոր(ներ)ը:

Ներկայութեան ստուգումէ ետք, որ ի յայտ բերաւ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին ներկայ գտնուելու օրինական իրաւասութիւնը ունեցող թիւով 36 պատգամաւորներէն 29-ը պատգամաւորներու օրինական կարգավիճակով ներկայութիւնը, որոնք մեծամասնութիւն կազմելով՝ հաստատուեցաւ ժողովի բացման օրինականութիւնը, որմէ ետք միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ օրուայ դիւանը կազմուած հետեւեալ ընկերներէ. ընկեր Էօժէն Քարաճեան՝ ատենապետ, ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան՝ փոխ-ատենապետ, ընկեր Հրայր Հովիւեան՝ ատենադպիր եւ ընկեր Արա Ահարոնեան՝ փոխ-ատենադպիր:

Ընտրեալ դիւանը ոչ մէկ շրջանակէ կամ անհատ շարքայիններէ գրաւոր կամ բերանացի առարկութիւն ստացաւ՝ ինչ կը վերաբերի ժողովի օրինականութեան: 

Աւելին՝ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի նախօրէին գումարուած էր՝ Ընդհանուր Ղեկավարութեան Խորհրդակցական Ժողով մը, որուն հրաւիրուած էին աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի պատասխանատու ընկերները անխտիր: Սոյն խորհրդակցական ժողովը, որ քննարկեց Կուսակցութեանս առջեւ ծառացող խնդիրներ՝ յաջորդող օրերուն գումարուելիք ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի դիւանին ներկայացնելու համար՝ խորհրդակցական ժողովին առաջարկները առ ի քննարկում, իր կարգին ո՛չ մէկ առարկութիւն ստացաւ՝ ինչ կը վերաբերի յաջորդող օրերուն գումարուելիք ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին օրինականութեան նկատմամբ: Ընդհակառակը՝ անոր ներկայ եղաւ նաեւ ընդդիմադիր կամ այսպէս կոչուած վերականգնումի շարժումի համադրող՝ ընկեր Վարդան Նազիրեանը, որ իր համադրած շարժումին կողմէ ոչ թէ առարկութիւն կամ գանգատ չներկայացուց, այլ՝ յաջորդ օրերուն գումարուելիք ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ ընտրելի՝ Կուսակցութեանս ատենապետութեան իր թեկնածուութիւնն ալ առաջարկեց…:

ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի օրուայ դիւանը ամենայն խղճմտութեամբ եւ կուսակցական կարգապահութեամբ վարեց երկօրեայ ժողովը, որ ընթացաւ համերաշխութեամբ եւ դրական բարձր մթնոլորտի մէջ, քննարկելով իւրաքանչիւր շրջանակի տեղեկագիրը, միասնաբար սերտելով ապագայի ծրագիրներ եւ հաստատելով Կուսակցութեանս յառաջիկայ ռազմավարութիւնը։ Աւարտին՝ ընտրուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական նոր Վարչութիւնը, որ Կուսակցութիւնս պիտի ղեկավարէ յաջորդ երեք տարիներու ընթացքին։ Օրուայ դիւանը նաեւ հրապարակեց ու հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձուց՝ ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Հիմնուելով վերոյիշեալ փաստացի տուեալներուն վրայ, ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին եւ անկէ բխած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան օրինականութիւնը կասկածի տակ առնելու որեւէ փորձ կամ նենգօրէն տարածուած անճիշդ եւ յերիւրածոյ տեղեկութիւններ, կը վիրաւորեն արժանապատուութիւնը բազմաթիւ ազնիւ ընկերներու, որոնք իրենց տունն ու գործը ձգած մղոններ ճամբորդած են՝ կատարելու կուսակցական գերագոյն եւ սրբազան պարտականութիւն մը, որն է անխափան գումարումը մեր սիրելի կուսակցութեան Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին: Նենգամիտ ապատեղեկատուութիւն տուողները այն միեւնոյն մարդիկն են, որոնք իրենց արբանեակներով տասնեակ տարիներէ ի վեր այս միեւնոյն յոռի վարքագիծը որդեգրած են: Կատարուած եւ կատարուող նման չարամիտ փորձեր ուրիշ բան չեն՝ եթէ ոչ ժողովրդավարական ընտրական գործընթացէ դուրս մնացած կամ ձախողած կողմի հոգեբանութիւն, որուն կարելի էր մեծահոգութեամբ մօտենալ՝ եթէ ան վերածուած չըլլար անձնական մաղձի, որ նկատի չունենալով ամէն սրբութիւն՝ կը փորձէ անխնայ հարուած հասցնել այս տարի իր 95-ամեակը ամբողջացնող հայ աւանդական կուսակցութեան մը՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան վարկին ու միասնականութեան:

ՌԱԿ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի մը օրուայ դիւանին այս աննախընթաց յայտարարութիւնը՝ Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ու պատմութեան համար գերագոյն պարտականութիւն մըն է, որովհետեւ անարդար յերիւրանքներու հանդէպ լուռ մնալը համազօր է նոյնքան ծանրակշիռ ոճիրի:

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի Դիւանի

Ատենադպիր Հրայր Հովիւեան Ատենապետ Էօժէն Քարաճեան

16 Յուլիս 2016

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ