Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հիլըրի Քլինթըն եւ Տեմոքրաթներու Համաժողովը

Անցնող չորս օրերուն Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Փենսիլվենիա, տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Տեմոքրաթ կուսակցութեան համաժողովը, ուր պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ սենաթոր Հիլըրի Քլինթընի թեկնածութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան պաշտօնին։ Բազմաթիւ ելոյթներուն մէջ յատկանշական էին Քլինթընի ի նպաստ կոչերը Առաջին տիկին Միշէլ Օպամայի եւ Քլինթընի նախկին գլխաւոր մրցակից՝  Պըռնի Սանտըրզի։

Աւելցնենք, որ օրերս Հիլըրի Քլինթըն ընտրեց փոխ-նախագահութեան թեկնածուն՝ Վըրճինիա նահանգի սենաթոր 58-ամեայ Թիմ Քայնը։ Հանրապետականներու նախագահութեան և փոխ-նախագահութեան թեկնածուներն են Տոնալտ Թրամփ եւ Մայք Փենս։ Նախագահական ընտրութիւններուն մնացած են 100 օրեր միայն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ