30 Յուլիսին Բաղրամեան փողոցին վրայ ինքզինք հրկիզել փորձած քաղաքացին մահացած է: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է «Ժողովուրդ» օրաթերթը: Նշենք, որ լրատուական տարբեր աղբիւրներ աւելի վաղ յայտնած էին, որ Քաջիկ Գրիգորեանի ստացած այրուածքները շատ ծանր են եւ լուրջ մտավախաութիւններ կան, որ վերջինիս մարմինը թունաւորուի: 17 Յուլիսին սկիզբ առած Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնի տագնապին հետեւանքով զոհուած երկու ոստիկաններէն ետք Քաջիկ Գրիգորեան կը համարուի խնդրի երրորդ զոհ: