Թրքական «Սապահ» կայքին տուած տեղեկութեան համաձայն`Թուրքիոյ հանրապետական դատախազութիւնը պարզած է, թէ յեղաշրջման յաջող աւարտէն ետք ով պէտք է ըլլար Թուրքիոյ նախագահը: Դատախազութեան տուեալներուն համաձայն` Թուրքիոյ օդային ուժերու նախկին հրամանատար զօրաւար Աքըն Էօզթիւրք յեղաշրջման կայացման պարագային Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէր:Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ քննարկումները տեղի ունեցած են Պոլսոյ Աքընճը ռազմակայանին մէջ, ուր որպէս պատանդ կը պահուէին Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Հուլուսի Աքար եւ այլ զինուորականներ: Հոն կայացած ժողովի ատեն որոշում կայացուած է առ այն, որ յեղաշրջման աւարտէն ետք Աքըն Էօզթիւրք նախագահ պիտի դառնայ:Յեղաշրջման փորձին ձախողումէն ետք ձերբակալուած Աքըն Էօզթիւրք իր ցուցմունքներուն մէջ ըսած է, թէ նախատեսուած էր, որ յեղաշրջումէն ետք ինք զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի երկրորդ նախագահ պիտի ըլլար: