ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 Օգոստոսին աշխատանքային այցով մեկնած է Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութիւն:
ՀՀ նախագահը պիտի սատարէ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի ողիմպիականներուն:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ այցելութեան ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի մայրաքաղաք Պրազիլի մէջ ՀՀ դեսպանութեան շէնքի հիմնարկեքի արարողութեան: Նախատեսուած են նաեւ ՀՀ նախագահի պաշտօնական հանդիպումներ Պրազիլի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ: