Պոլսոյ 8-րդ դատարանը ընդդիմադիր «Özgür Gündem» պարբերականը ժամանակաւորապէս փակելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Sondakika»ն, նշելով, որ պարբերականը կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) յօգուտ «քարոզչութիւն կատարելու» եւ «ահաբեկչական կազմակերպութեան լրատուամիջոց» հանդիսանալու մէջ: Նշենք, որ «Özgür Gündem» երկլեզուանի պարբերականը (թրքերէն եւ քրտերէն), որ յայտնի է իր անկախ գործունէութեամբ, հիմնադուած է 1992-ին: 14 ապրիլի 1994-ին թրքական դատարանի որոշմամբ փակուած կրկին նոյն մեղադարանքով: Այնուհետեւ «Özgür Gündem» միայն 17 տարի ետք `2011-ին սկսած է վերահրատարակուիլ: