Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրքական կառավարութիւնը որոշած է հրաժարիլ Իսրայէլի դէմ իր յարուցած դատական հայցերէն

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ երէկ լրագրողներուն յայտարարած է, որ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա» նաւուն հետ կապուած միջադէպին համար Թուրքիոյ պիտի վճարէ 20 միլիոն տոլարի փոխհատուցում: Ըստ անոր, նշեալ գումարը պէտք է վճարուի յառաջիկայ 25 օրերուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։

«Սքայ Նիուզ», իր կարգին կը հաղորդէ, որ թրքական կառավարութիւնը որոշած է հրաժարիլ Իսրայէլի դէմ իր յարուցած դատական հայցերէն:

Նախապէս Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած էր, որ Իսրայէլ ընդունած է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Թուրքիոյ բոլոր պայմանները:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ