Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Կլենտէյլի մէջ պիտի նշուի բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի դարադարձը եւ վաստակի 80ամեակը

Սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ, մշակոյթի աննկուն գործիչ Ժագ Յակոբեանի ծննդեան դարադարձը ու իր բեղուն վաստակի 80ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Կլենտէյլի «Փրիսպիթերիըն» եկեղեցւոյ մէջ (125 S. Louise Ave.), երեկոյեան ժամը 6-ին:

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ ձեռնարկը պիտի կայանայ կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճին, բարձր հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ազգային առաջնորդարանին, Ամերիկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հայոց առաջնորդարանին, Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան ու Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան:

Կազմակերպչական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, ՀԲԸ Միութիւնը, Իրանահայ Միութիւնը, Քալիֆորնիայի Հայ Գրողների Միութիւնը, Իրաքահայ Ընտանեկան Ընկերակցութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ Պոլսահայ Միութիւնը:

Ժագ Յակոբեան հեղինակ է 35 հատորներու. ան նաեւ ծառայած է որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ՝ Լիբանանի Կենաց Երկրորդական վարժարանին եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին մէջ:

Բովանդակալից յայտագիրը պիտի պարունակէ երկու բանախօսութիւն, ողջոյնի խօսքեր, վկայութիւններ, նուագ եւ ասմունք: Նաեւ, ընթացքին պիտի ցուցադրուի բանաստեղծին կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Հանդիսութեան մուտքը ազատ է. հրաւիրուած է շրջանիս հայութիւնը ներկայ գտնուելու եւ ականատեսը դառնալու աննախընթաց իրադարձութեան մը՝ մեր համայնքի պատմութեան մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ