Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր սպառնալիքներ Լիբանանի դէմ

Լիբանան կրնայ դարձեալ թատերաբեմ դառնալ ահաբեկչական յարձակումներու:  Այս մասին այսօր գրած է  Քուէյթեան  «Ալ Անպաա»  պարբերականը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ իր ունեցած տուեալներով ահաբեկչական խմբաւորումներ կը պատրաստուին գործողութիւններ կատարել Լիբանանի մէջ: Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, որ ահաբեկիչներուն հիմնական թիրախ կը համարուին քաղաքական  կարգ մը յայտնի գործիչներ, որոնք վերջին ամիսներուն  հանդէս  կու գան երկրին մէջ համակեցութիւնը եւ ապահովութիւնը պահպանողի դիրքերէ: Աղբիւրը, որ անուններ չի փոխանցեր, նոյնպէս կը գրէ, որ ահաբեկչական արարքներ կատարելով`ահաբեկչական խմբաւորումներ նպատակ ունին քաոսի տանիլ  Լիբանանը:Յիշեցնենք, որ համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկրին մէջ երկրի հիմնական բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ կան երեւելի եւ սուր տարակարծութիւններ,  մանաւանդ կապուած Սուրիոյ պատերազմին եւ Րիատ- Թեհրան լուռ  հակամարտութեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ