Սիրիոյ ընդդիմադիրներու ամենամեծ թիրախը «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան իշխանութեան տակ գտնուող Ալ-Պապ քաղաքն է: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ենի Շաֆաք» թերթը: Աղբիւրի հաղորդմամբ, 2014-ի ամառուընէ ի վեր կազմակերպութեան հսկողութեան տակ գտնուող Ալ-Պապը, Ռաքքայէն ետք ԻՊ-ի երկրորդ «մայրաքաղաք»ը կը համարուի:
Պապը կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունի նաեւ Սուրիոյ բանակին, ինչպէս նաեւ «Քուրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» (PKK) խմբաւորման համար: Թերթը կը գրէ, որ Ներկայիս քրտական ուժերը քաղաքէն 25 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, իսկ Ասատի ուժերը՝ 15 քմ: Կը նշուի նաեւ, որ Պապի համար պայքարին պիտի մասնակցի նաեւ թուրքերու աջակցութիւնը վայելող «Սուրիական ազատ բանակ» ընդդիմադիր խմբաւորումը: