ՀՀ կառավարութիւնը Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներու իրականացման նպատակով ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան յատկացուց 1,2 միլիառ դրամ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, ՀՀ փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան նշած է, որ գումարը նուիրաբերութեամբ պիտի տրամադրուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Միջոցները ուղղուեցան կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն:
Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի վերակառուցումը կ’իրականացուի միաժամանակ հինգ ճանապարհաշինարարական կազմակերպութիւններու կողմէ` 12 տեղամասով: Նախապէս դժուարանցանելի շուրջ 116 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհը ունի 10 եւ աւելի մեթր լայնութիւն, որմէ 7 մեթրը պիտի կազմէ ասֆալտապատ երթեւեկելի հատուածը: Նախորդ տարուայ ընթացքին կառուցուած են արհեստական կառուցուածքներ՝ ջրահեռացման խողովակներ, ափապաշտպան կառոյցներ, յենապատեր ու եզրաքարեր, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած են 17 մեծ ու փոքր կամուրջներ: Մայրուղիի շինարարական աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտին հասցնել այս տարուայ տարեվերջ։