Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Օրըստօրէ

Թէ՝ ժամէ ժամ: Քաղաքականութիւնը այնպիսի լպրծուն հիւթի կը նմանի, որ կարելի չէ հասկնալ ոչ միայն անոր անցեալը, այլ նաև կանխատեսել անմիջական ապագան: Պատահարներ եղած են պատմութեան մէջ, որոնց տեղեկութիւնները տակաւին թաքնուած կը մնան ժողովուրդէն: Այսպիսին էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճան Քենետիի մահը, որ մինչև այսօր զանազան ենթադրութիւններու ենթակայ է, առանց սակայն անոր իսկական պատճառը բացայայտուելու: Կայ նաև՝ անոր եղբօր մահը, որուն իսկական պատճառը կը մնայ անյայտ. կամ՝ նախագահ Ռէկընի դէմ գործադրուած ոճրագործութեան բուն պատճառը: Պարագան նոյնն է նաև այս օրերուն կատարուած իրողութիւններուն հետ՝ Սուրիոյ մէջ: Արաբագէտներ, թրքագէտներ, քաղաքագէտներ, պատմաբաններ և լրատուական աղբիւրներ հազիւ հազ կ՚արտայայտեն կարծիք մը, Սուրիոյ մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն մասին, մէկ օր, կամ նոյնիսկ մէկ ժամ ետք այդ կը դառնայ անիմաստ, տրուած ըլլալով քաղաքական ընթացիկ կացութեան անմիջական փոփոխութիւնը: Խեղճ Սուրիան պատառ պատառ ընելով, արիւնախում մեծ տէրութիւնները տակաւին չեն յագեցած կարծես իրենց խնճոյքէն, ամէն օր տարբեր տարածքային քարտէզներով կը ներկայանան, յաջորդ օրն իսկ կրկին փոխելով զայն: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ԻՍԻՍ-ի (իսլամական պետութեան) տրամադրուելիք, կամ գոնէ մեր հասկացողութեամբ, այդ մեծ տէրութիւններու միջև համաձայնուած սուրիական և իրաքեան տարածքները քանի-քանի անգամներ փոփոխութեան ենթարկուեցան: Կարծէք սնդիկի տարածքներու վրայ հիմնուած ըլլային:

Քաղաքականութեան խաղարկման վերջին արարը՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այցելութիւնն էր Մոսկուա, Փութինին, որմէ ետք կրկին փոխուեցան արշաւանքի ծրագիրները և Սուրիոյ մասնատման համաձայնութիւնները, եթէ անշուշտ անոնք գոյատեւեն մի քանի օր… գոնէ: Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի Թուրքիոյ Էրտողանին այցելութիւնը եղաւ խայտառակութիւն: Երէկուան բարեկամները լքեցին իրենց դաշնակիցները, միացան նոր ժողովականներու նոր ծրագիրներով և մէջտեղ մնաց քիւրտը, իր ԵՓԿ, ՓԵՏ և ՓՔՔ կուսակցութիւններով, աջէն-ձախէն հարուածուելու համար: Բայց ո՞ւր մնաց ամերիկեան հովանաւորութիւնը, ա՞յս էր վստահութիւնն ու բարեկամութիւնը: Քիւրտերուն յառաջխաղացքին հետեւանքով, ԻՍԻԼ-ի հետզհետէ ցամքած և կղզիացած պետութիւնը կարծես  շունչ պիտի առնէր Ճարապլուսի գրաւումով, եթէ Թուրքիան, ըստ իր յայտարարութիւններուն չհարուածէր զիրենք: Սուրիական բանակն ու ամերիկեան օդուժը, երէկուան թշնամիները, այսօր կը հարուածեն իրենց երէկուան բարեկամները՝ քիւրտերը, մինչ ռուսական գործողութիւնները կը մնան անյայտ: Իսկ որպէսզի այս խառնիճաղանճը չմնայ առանց Իրանի մասնակցութեան, Իրան կը դադրեցնէ ռուսական օդանաւերու պարենաւորման արտօնութիւնը իր կայաններէն:

Սիրելի ընթերցող, երբ կարդաք այս տողերը, հաւանաբար մինչև այն ատեն, արդէն իսկ փոխուած ըլլան իրադարձութիւնները և այս յօդուածը դառնայ ժամանակավրէպ, այնպէս որ, ա՛լ պատկերացուցէք Սուրիոյ ներկայի կացութիւնը…։

Ափսոս Սուրիոյ փառացը անցաւորի: Քաղաքակրթութեան, ժողովուրդներու և կրօնքներու պատմական օրրան, ա՞յս պիտի ըլլար վախճանդ: Ասպատակող խուժաններու նման, Ալին ու Ուալին Ասիայէն, Ափրիկէէն, Եւրոպայէն և տակաւին չենք գիտեր ինչպիսի՞ վայրերէ, մարդակերպ արիւնարբու գազաններու նման յարձակեցան վրադ քեզ յօշոտելու համար… իսկ յանուն ինչի՞:

Ափ մը հող միայն թող կշտացնէ իրենց ագահ ոսկորները:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ