Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ Նախագահը նախարարական նոր նշանակումներ կատարեց

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոր նշանակումներ կատարած է։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն: Նախագահի հրամանագրով Աշոտ Մանուկեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ջերմուժի եւ բնական պաշարներու նախարար:

Այլ հրամանագրով մը Իգնատի Առաքելեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար:

Վահան Մարտիրոսեան նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխադրութեան եւ կապի նախարար, Դաւիթ Յարութիւնեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար:

Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով Վարդան Արամեան ազատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալի պաշտօնէն եւ նշանակուած Հայաստանի Հանրապետութեան  ելեւմուտքի  նախարար:

Վաչէ Գաբրիէլեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու նախարար, փոխվարչապետ։

Ալեքսան Յարութիւնյանը Նախագահի հրամանագրով ազատուած է Արժանթինի, Արեւելեան Ուրուկուէյի, Փերուի եւ Չիլիի հանրապետութիւններու մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն եւ նշանակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ: 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ