Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

100 + 1, Արցախ, Սփիւռք – Անխուսափելի մտորումներ ու մատնանշումներ. Պարոյր Աղպաշեան

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը անցնելէ ետք, ակնկալելի էր, որ Հարիւրամեակի խայտաբղէտ մարմինները, ընդ հովանեաւ գերագոյն Կեդրոնական վարչութեան, ուր համախմբուած էին Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի պետական, ազգային, քաղաքական, եկեղեցական ու միութենական ներկայացուցիչները, ԼՈՒՐՋ հանրագումարի բերէին իրենց իրագործումները (եւ նաեւ՝ կաղացումները), առաւել՝ նուազագոյնը, պատրաստէին դէպի նոր յիսնամեակի մը գէթ համառօտ նախագիծը։

Դժբախտաբար, ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ երկրորդը կատարուեցան անհրաժեշտ չափով եւ իւրաքանչիւր շրջանակ, կողմ ու գաղութ, գոհունակ (՞) տրամադրութեամբ մը պարուրուած, հրապարակէն կորսուելու չափ… անյայտացան, բացի հատուկենտ եւ աննշան երեւումներէն։

Ասոր լաւագոյն ապացոյցը գիտէք ի՞նչ էր, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած այն անբնական ու տարօրինակ ցուցադրականութիւնը, որուն ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի Կեդրոնական վարչութեան անդամները արժանացան (չզարմանալ կամ զարմանա՞լ)… գնահատանքի վկայագիրներու։

Կարելի՞ է երեւակայել Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ գնահատանքի (կրնայ ըլլալ նաեւ շնորհակալագիրի՞) գիրեր։

Այո՛, կենդանի օրինակը մեր առջեւն է եւ որեւէ տեղէ ձայն մը, արձագանգ մը, հակազդեցութիւն մը չլսուեցաւ, թէ այս խաղքութիւնը եւ անհեթեթութիւնը ինչո՞ւ տեղի կʼունենայ, այնքան ատեն որ Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը ու կատարողութիւնը, հայ ժողովուրդի սրբազան պարտքն է, առանց «հատուցումային» այս խեղկատակ ոճին։

Ցարդ կʼանգիտանանք, թէ նման «արարողութիւններ» ո՞ւր եւս տեղի ունեցած են եւ որուն «չնաշխարհիկ գիւտն» է ատիկա։

Աւելին՝ ի՜նչ վարկաբեկում ու անուանաբեկում է այս վերաբերմունքը մեր նահատակներու ու Հայ Դատի հաշուոյն, եւ յանուն ինչի՞. չէ՞ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իր Պահանջատիրական յաջորդական գործօններով, երբեք չէր կրնար նման պայմանով հատուցուիլ, երբեք չէր կրնար նման մօտեցումով դրսեւորուիլ։

Թերեւս, այս տողերը, դիտողութեան կարգով, ոմանց համար անախորժելի կամ անընդունելի ըլլան, բայց, չոր իրականութենէն ի՞նչ կը փոխեն անոնք, երբ՝

– Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակը

– Հայոց Ցեղասպանութեան 60-ամեակը

– Հայոց Ցեղասպանութեան 70-ամեակը

– Հայոց Ցեղասպանութեան 80-ամեակը

– Հայոց Ցեղասպանութեան 90-ամեակը

Բացառիկ շուքերով, հանդիսապետութիւններով ու խուռներամութիւններով կազմակերպուեցան, ոմանք նոյնիսկ պատերազմի թէժ օրերուն, սակայն, հովանաւոր ազգային մարմիններէն ոչ ոք կը սպասէր, որ իրեն շնորհուէր… վկայագիր մը, նման փորձ մը իսկ չերեւակայելով։

Պահ մը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ՝ արդեօ՞ք, ասիկա ալ կը դասուի շքանշաններու ու շքանշանակիրներու շարանին մէջ, Հայաստանը ըլլալով անոր նախաձեռնող-գործադրողը, իսկ Սփիւռքը՝ անկէ օգտուող-շոյուողը։

Հայոց Ցեղասպանութեան ամեակները, Սփիւռքի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան մօտ, իրենց բուխութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, մեծ նուաճումներ արձանագրեցին, կարեւոր յառաջխաղացքներ ապահովեցին ու հիմնարար խաղաթուղթեր յայտնաբերեցին, բայց, ոչ մէկ ձեւով ատոնք միտած էին կամ կը միտէին… փոխադարձական գնահատումներու, որոնց, առ այդ, պէտք է գիտակցէին Հայաստանի պատկան իշխանութիւնները ու մասնաւորաբար սփիւռքեան խնդրոյ առարկայ կողմերը, յստակացնելու ու պարզելու, թէ Սփիւռքը՝ ոչ անցեալին, ոչ ներկայիս, ոչ ալ ապագային, գործած է, կը գործէ ու պիտի գործէ նման, մեղմ ըսած, փխրուն դատողութեամբ։

***

Այս մատնանշումներուն զուգահեռ, մտորելի չէ՞, որ 100 + 1ը ինչպէ՞ս ընթացաւ, ի՞նչ յառաջընթացային նախաքայլերու ազդանշան տուաւ եւ դէպի ո՞ւր առաջնորդելի կը գտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան գործընթացը։

Նախքան ասոնց պատասխանները փնտռելը ու քննարկելը, 100 + 1ի նշումները, իրենց նախորդներուն կրկնութեանց նոր տարբերակները չէի՞ն, քիչ մը ամէն տեղ ու հայագաղութներէ ներս։

Անշուշտ, այդ կարճ ժամանակամիջոցին «հրաշքներ» ակնկալելը միամտութիւն էր, սակայն, եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը պիտի շարունակուի կիրարկուիլ այս դանդաղութեամբ ու մակընթացութեամբ, մտահոգիչ չէ՞ մնալ այդ ոլորապտոյտին մէջ, յամառօրէն միայն ընդունումի ու ճանաչումի օրակարգի վրայ յամենալով, «շուքի» մէջ ձգելով, օրինակ, հողային պահանջատիրութեան հրատապութիւնն ու առաջնահերթութիւնը։

Սխալ չհասկցուելու համար, Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման կամ ճանաչման հարցը կարելի չէ մոռնալ, այլ, անոր զուգընթաց ու գերիվեր, նոր յառաջխաղացքներ արձանագրելու եւ ուղիներ բանալու ընտրանքներու նախապատուութիւն տալու է, նոր դուռեր պէտք է բանալ։

Ի դէպ, Գերմանիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ընդունումը բացառիկ նուաճում մըն էին այդ մարզէն ներս, սակայն, եթէ անոնց բարենշութիւնը պիտի մնան նախորդներու ծիրէն ներս, կը նշանակէ թէ՝ հոս եւս կայ պակասաւորութիւն մը, որուն քովէն կարելի չէ անցնիլ հարեւանցիութեամբ։

Մեծ Եղեռնի գործադրման շրջանին եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան ժամանակներուն, Գերմանիան, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն մասնակից մըն էր անոր, եւ որուն արխիւներուն մէջ անսպառ տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ պէտք է ըլլան, կա՛ն, պեղելի ու բացայայտելի։

Արդ, հայ պատմաբանները կամ պատկան կողմերը, կրնա՞ն լուսաբանել, թէ Գերմանիան ինչո՞ւ այս ուշացած բայց ոչ-ուշ, այլապէս յանդուգն քայլին դիմեց, հետեւապէս, նոյն տրամաբանութեամբ, անոր յաջորդ ընթացքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, աւելի ճիշդ՝ հայութիւնը ինչպէս կը կարծէ գործել ու շարժիլ։

Այս բոլորէն կը ծնին կամ կը բխին նաեւ հարցադրումներ, որոնք նոյնքան (եւ աւելի) կարեւոր եւ էական են Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը ամուր հիմքերու վրայ դնելու։

Թափանցի՛կ ըլլանք։

Մինչեւ հիմա, Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումը վստահուեցաւ կուսակցական, համայնքային, միութենական, գաղութային կողմերուն կամ ներկայացուցիչներուն, որոնք, թէեւ ոչ միշտ, բայց, գնահատելի աշխատանք տարին։

Սակայն, մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այդ սովորամոլութիւնը, մինչեւ ե՞րբ պիտի որդեգրուի այդ աւանդութիւնը, որոնք դարձած են «ժամանակավրէպ», պարզ այն պատճառով որ,

– Տնօրինողները կʼըլլան միայն այդ ներկայացուցիչները, անհատական թէ հաւաքական որոշումներով, շատ յաճախ ալ անճիշդ եւ թոյլ արդիւնքներով

– Մասնագիտական թէ մտաւորական տարրերու բացակայութիւնը այդ կազմերէն ներս, ինքնին կը թուլացնէ աշխատանքին ուժականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը

– Պատմագիտական, ցեղասպանագիտական կամ վաւերագիտական գործերու վտիտութիւնը (հայ թէ օտար լեզուներով), շատ քիչ կը ծառայէ Հայ Դատի պաշտպանութեան թափին, երբ կազմակերպչական գործօնները աւելի ժամանակ կը խլեն, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան շահօգուտ ու պիտանի։

Թերեւս վերեւ նշուած «ներկայացուցչականները» համաձայն չգտնուին (կամ ընդվզին) այս վերագրումներէն, բայց, իրականութենէն ի՞նչ կը փոխուի, այնքան ատեն որ անցեալի յամեցող գործելաոճը տակաւին կը մնայ ի զօրու, մինչ հայ երիտասարդ մասնագէտները համարեայ «անգործ» կը մնան, որովհետեւ՝ տոկմատիկ դրուածքները եւ ուղեղները այդպէս կը պահանջեն։

Ժամանակն է փոխել այս մտայնութիւնն ու տրամաբանութիւնը, եթէ Հայկական Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակէ անարգել խուսանաւել, հրաժարելով հատուածական «բաժնետէրերու» ոճէն եւ ներգրաւելով մասնագէտ նոր սերունդը, որուն թիւը, հաւատալ պէտք է, մեծ է, պայմանաւ որ անհրաժեշտ ուշադրութիւնը եւ առիթը տրուի անոր։

***

Ծանօթ է, թէ Ապրիլի սկիզբը, չորս օր, Արցախը ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական անարգ յարձակումներու թիրախին, որ, ըստ էութեան, խիստ մտահոգիչ էր եւ այդպէս ալ մնալու է, ի տես ալիեւական-էրտողանական բարբարոսութիւններուն ու շարունակուող նախայարձակումներուն։

Այստեղ ատոր քննարկումը կամ վերլուծումը չէ որ կը կատարուի, այլ՝ լիբանանահայութեան այն արի եւ անխախտ կեցուածքը, որ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայրենի Արցախին ու անոր հերոս ժողովուրդին։

Լիբանանցի համաքաղաքացիները, որոնք, մէկ կողմէն՝ ականջալուր եղան հայկական-ատրպէյճանական այս առճակատումին, միւս կողմէն ալ՝ ականատես լիբանանահայութեան բուռն բողոքներուն, հարց կու տային. «Գիտենք որ դուք թուրքերուն հետ խնդիր ունիք, ասիկա ի՞նչ է»։

Իրաւունք ունէին. այս ալ մեր «թերացումն» է, որովհետեւ, առ այդ, գրեթէ այս իրավիճակի մասին չէինք խօսած եւ կամ՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններով չէինք լուսաբանած զիրենք։

Բարեբախտաբար, զանազան միջոցներով, ընդհուպ՝ դէպի Ղարաբաղ գործուղղուած արաբ լրագրողներով, շնորհակալ նպաստ մը բերուեցաւ սահմանային այս թղթածրարին ճշմարտութիւնը փոխանցելու լիբանանցիներուն։

Այս առիթով, երկու դիտարկումներ.

1. Լիբանանահայութիւնը (կամ ընդհանրապէս սփիւռքահայութիւնը), ի յառաջագունէ պէտք է պատրաստ (ու պատրաստած) ըլլայ հանրութիւնը նման հիմնախնդիրներէ։

2.Ղարաբաղի պաշտպանութեան ի խնդիր կատարուած բոլոր կարգի նախաձեռնութիւններն ու կազմակերպչականութիւնները, միասնականութեան ու համախմբուածութեան առումով, աւելի դիպուկ ու նպատակային կրնային ըլլալ՝ յաչս ոչ-հայերուն, եթէ պարզուէր բռնցքացած ու միացած լիբանանահայութիւն, իսկ քովնտի կամ «անհատականացած» նշումները եւ զօրակցութիւնները հետեւէին անոր իրականացման։

Կրկնենք. ինչպէս այլ պարագաներու, հոս ալ նոյն «հիւանդութիւնը» կը թեւածէ, իսկ շարունակուող այս ախտը, պէտք է վստահ ըլլալ, հայ ժողովուրդի ընդհանրական եւ ազգային հարցերու յաղթահարման երբեք չի նպաստեր։

Վերջին հաշուով, եթէ պիտի յիշուի ու պիտի պահանջուի կարգախօսը ինքզինք պիտի պարտադրէ, դուրս պէտք է գալ (նետուի՛լ) քարացած-կաղապարացած առաձգական կերտուածքներէն։

Պարոյր Աղպաշեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ