Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Համագործակցութեան յուշագիր Պէյրութի Հայկազեան համալսարնին եւ ԳԱԱ-ին միջեւ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը` ի դէմս ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանի` մէկ կողմէ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը` ի դէմս նախագահ վեր. դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանի` միւս կողմէ, 26 սեպտեմբերին կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր:

Կարեւոր նկատելով այն հանգամանքը, որ յուշագիրի կնքումը նոր մեծ լիցք պիտի հաղորդէ եղած գործակցութեան ու տարուող աշխատանքներուն` կողմերը համաձայնեցան իրականացնել միացեալ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպել միացեալ գիտաժողովներ եւ սեմինարներ, առցանց կլոր սեղաններ, մշակել եւ իրականացնել միացեալ կրթական ծրագիրներ, մասնագէտներու փոխանակում եւ այլն:

Շնորհաւորելով կողմերը համագործակցութեան նոր ձեւաչափով հայագիտութեան պահպանութեան ուղղուած աշխատանքներու սկիզբին առիթով` սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան վստահութիւն յայտնեց, որ յուշագիրին կնքումը պիտի նպաստէ Հայաստան-սփիւռք գիտական եւ կրթական կապերու ամրապնդման, ժամանակակից հայկական սփիւռքի խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան, սփիւռքագիտութեան մարզին մէջ երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան, վերապատրաստութեան, մասնագիտական կատարելագործման եւ փորձի փոխանակման:

hushakir2_92616

Հ. Յակոբեան բարձր գնահատեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փօլ Հայտոսթեանի դերակատարութիւնը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծառայութիւններ մատուցելու նոր սերունդին, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան առումով ձեռք բերած յաջողութիւններու, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան նպաստելու առումով: Նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկիէ մետալ»-ով պարգեւատրեց վեր. Փօլ Հայտոսթեանը` համոզում յայտնելով, որ Հայկազեան համալսարանի նախագահը իր ճկուն եւ հեռատես քաղաքականութեամբ պիտի շարունակէ Միջին  Արեւելքի մէջ մշակոյթներու քուրայ նկատուող Լիբանանի մէջ բարձր պահել հայ գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մտքի համբաւը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս- քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ բարձր գնահատեց սփիւռքի նախարարութեան աւանդը հայաստանեան եւ սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ սերտացման գործին մէջ:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան` բարձրագոյն պարգեւին արժանացնելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ Հայկազեան համալսարանի առաքելութիւնները բազմաթիւ են, բայց անոնց գլխաւորը հայապահպանութիւնն է` դիտել տալով, որ արդէն իսկ ծրագիրներ կան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտական հիմնարկներուն հետ համագործակցաբար կազմակերպելու հայագիտութեան զարգացման խթանող գիտաժողովներ, ուստի այսպիսով պիտի ընդարձակուի փորձառութեան փոխանակման եւ մարդուժի պատրաստութեան, վերապատրաստութեան ծիրը եւ պիտի ստեղծուին նոր  կարելիութիւններ:

Խօսք առին նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Գրականութեան, արուեստի եւ արեւելագիտութեան հիմնարկներու տնօրէններ Վարդան Դեւրիկեան, Արարատ Աղասեան եւ Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան` ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը հայագիտութեան զարգացման առումով:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ