Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

ԼՂՀ-ն Ճանչնալու Ժամանակն է.Կարէն Միրզոյեան

ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Պրիւքսելի մէջ յայտարարած է, որ «ժամանակն է ճանչնալու ազատ եւ ժողովրդավարական Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյութիւնը, եւ աջակցելու անոր հետեւողական զարգացման»: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակը: Կարէն Միրզոյեան այս մասին ըսած է Սեպտեմբեր 27-ին Պելճիքա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս` Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու եւ փորձագէտներու հետ հանդիպումի ժամանակ:

«Չնայած Ղարաբաղեան շարժման խաղաղ եւ օրինական բնոյթին` հէնց սկզբից Ազրպէյճանը մերժեց որեւէ երկխօսութիւն եւ դիմեց սպառնալիքների լեզուին եւ ահաբեկման քաղաքականութեանը, որը յետագայում յանգեցրեց լայնածաւալ պատերազմի` Լեռնային Ղարաբաղի եւ նրա խաղաղ բնակչութեան դէմ», – նշած է Կարէն Միրզոյեան:

Ան ընդգծած է, որ ԼՂՀ-ն բազմիցս բարձրաձայնած է Ազրպէյճանի կողմէ նոր պատերազմի բացայայտ նախապատրաստութեան մասին, սակայն միջազգային հանրութիւնը անհաղորդ մնացած է այդ զգուշացումներուն:

«Ազրպէյճանի անպատժելիութիւնը յանգեցրեց Ապրիլի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւնների վերսկսմանը»,- ըսած է Կարէն Միրզոյեան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ