Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի շարունակուի՞

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահած, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, հանդէս եկած է արտակարգ դրութեան ռէժիմի երկարաձգման որոշումով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը: «Մեր քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ապահովման արդիւնաւետութեան նպատակով որոշում կայացուած է արտակարգ դրութեան ռէժիմի շարունակութեան վերաբերեալ»,-կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Անվտանգութեան խորհուրդը կ’առաջարկէ նաեւ շարունակել «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որպէսզի ամրապնդուի սահմաններու անվտանգութիւնը եւ այդ տարածքներուն մէջ ոչ թռիչքային գօտի պահպանուի:

Նշենք, որ յուլիսի վերջը Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած էր, որ երկիրը պիտի չերկարաձգէ արտակարգ դրութեան ռէժիմը՝ երեք ամիսը լրանալէ ետք:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ