Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ կ’աջակցի ԼՂ հակամարտութեան բանակցային կարգաւորման

Միացեալ Նահանգներ կ’աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային կարգաւորման: Այս մասին լրագրողներու հետ ամենօրեայ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Էլիզապեթ Թրիւտոն:

«Մենք կը շարունակենք աշխոյժօրէն աշխատիլ կողմերուն հետ: Ինչպէս գիտէք, մենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր ենք: Հակամարտութեան նկատմամբ մեր երկարաժամկէտ դիրքորոշումը, որ կը կիսեն Մինսքի խումբի համանախագահները, կարգաւորումն է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ, որ կը ներառէ Հելսինքեան եզրափակիչ վճիռ, ուժի չկիրառման կամ սպառնալիքի սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնորոշումը»,- ըսած է Թրիւտոն:

Ան նշած է, որ խաղաղութեան պատասխանատուութիւնը ինկած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն վրայ` ընդգծելով հակամարտութեան բանակցային խաղաղ կարգաւորման ուղիներու որոնման հարցով անոնց ունեցած կարեւորութիւնը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ