Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարօ Փայլան Լոս Անճելըսի մէջ. Թուրքիոյ միակ փրկութիւնը ժողովրդավարական երկիր դառնալն է

Անցնող շաբաթավերջին Լոս Անճելըս կը գտնուէր Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ, Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան կուսակից Կարօ Փայլանը, հրաւէրովը Լոս Անճելըսի Հայոց Ցեղասպանութեան Միացեալ Մարմինին։

Ան Ուրբաթ օր ժամանեց Լոս Անճելըս եւ Շաբաթ օր երկու հանդիպումներ ունեցաւ հայ թէ օտար հասարակութեան հետ։ Առաջինը՝ Ուուտպըրի համալսարանի սրահին մէջ՝ Պըրպէնք, եւ երկրորդը՝ Ֆերահեան վարժարանի Աւետիսեան սրահին մէջ՝ Էնսինօ։ Իրաւաբան Էտուին Մինասեան եւ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իրենց ելոյթներով համադրեցին զոյգ հանդիպումները։ Խօսք առին նաեւ Միացեալ Մարմինի համանախագահներ՝ Ժագ Գոսագեանն ու Դաւիթ Սամուէլեանը։

Կիրակի օր, յարգելի հիւրը այցելեց Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար, որմէ ետք՝ Մոնթէպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր Բաղրամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ լոսանճելըսահայութեան ղեկավարութեան հետ։

Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Կարօ Փայլան բարձրացաւ Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց անմեղ զոհերու յիշատակին։

Երկուշաբթի օր, յարգելի հիւրը այցելեց ազգային այլ հաստատութիւններ եւս։

***

Ան իր ելոյթներուն ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ այսօրուան կացութեան, քննադատեց նախագահ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը, խօսեցաւ Սուրիոյ կացութեան, Հալէպի ու հալէպահայութեան վիճակին, քիւրտերուն եւ անոնց իրաւունքներուն եւ իսթանպուլահայութեան մասին։

Ան հաւատաւոր դեմոկրատ է, համոզուած իր գաղափարախօսութեամբ եւ Թուրքիոյ մէջ դեմոկրատական ուժերու յաղթանակի ջատագով։ Փայլանի կարծիքով, մինչեւ այն ատեն, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները վտանգ կը սեպուին երկրին համար, հոն ժողովրդավարութիւնը տեղ չունի։ Իսկ «լուռ մնալն ալ ապահով չէ. 1915-ին նոյնը եղաւ, շատեր լուռ էին, բայց սպաննուեցան»։ Այսօր նոյնը քիւրտերուն հետ կը կատարուի, նշեց ան։

Փայլան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, մատնանշեց Սփիւռքի անպատրաստուածութիւնը։ Յորդորեց, որ Սփիւռքը աւելի կազմակերպուած ղեկավարութիւն մը ունենայ, ներքնապէս զօրանալու եւ հայրենիքին օգնելու համար։ Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով կ՚այցելէ Հայաստան, ուր չէ եղած Թուրքիոյ խորհրդարան մտնելէն ետք։

«Այսօր Թուրքիան սեւ օրեր կ՚ապրի, ժողովրդավարության տարրերը, որոնք գոյութիւն ունէին երկրին մէջ՝ կը վերանան», ըսաւ ան. «Էրտողան չ՚ընդունիր ոչ մէկ քննադատութիւն կառավարութեան հասցէին»։

«Շատ զգացուած եմ հրաւէրի համար: Լոս Անճելըսի հայ համայնքը բաւական իրազեկ է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն։ Մտահոգ են այնտեղ բնակուող հայ համայնքի ճակատագրով: Ես ուրախ եմ ստանալով անոնց աջակցութիւնը: Թուրքերը հայերու մասին մէկ նախադասութիւն գիտեն՝ անոնք դաւաճաններ են, դաւաճանած են մեզ, այդ պատճառով մենք ստիպուած եղած ենք զիրենք հեռուները ղրկել: Անոնք չեն գիտեր, թէ ինչ ըրած են հայերը այստեղ, չեն գիտեր նախկին երեսփոխաններու մասին։ Ես կ՚ուզէի ցոյց տալ, որ եղած են խորհրդարանի հայ անդամներ, որոնց երազանքը միասին ապրիլն էր», յայտարարեց ան Լոս Անճելըսի մէջ։

Կարօ Փայլանի խօսքով, թուրքերը միշտ պիտի ժխտեն Ցեղասպանութեան փաստը, բայց մենք պէտք է իրական փաստերը ցոյց տանք։ Թուրքիոյ միակ փրկութիւնը ժողովրդավարական երկիր դառնալն է, շեշտեց ան։

 

Հ.Ս.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ