Շաբաթ, Նոյեմբեր 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ Պունտեսթակի Պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլերի գլխաւորութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին ծաղկեպսակ դնելէ ետք պատուիրակութեան անդամները գերմանացի քահանայի մը հետ միասին աղօթք յղեցին առ Աստուած: Պունտեսթակի փոխնախագահ Եոհաննէս Զինգհամմերի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին եւ գլուխ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ:

 Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 4-­ին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ընդունեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտեսթակի փոխնախագահ Եոհաննէս Զինգհամմերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Գերմանիոյ Պունտեսթակը Յունիս 2-­ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 թուականի հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը: Բանաձեւը ընդունուեցաւ ունենալով ընդամէնը մէկ դէմ, մէկ ձեռնպահ ձայն: Ելոյթ ունեցողները միաձայն կ՛ընդգծէին անցեալի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին նպաստելու մղումները: Պունտեսթակի մէջ բարձրաձայնուած է Օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութեան մասին` նշելով, որ Գերմանիոյ քայլը ոչ թէ հայց է եւ մեղադրանք, այլ խոնարհում զոհերու յիշատակին առջեւ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ