Կիրակի, Նոյեմբեր 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամենայն հայոց մաման՝ Մարիա Եագոպսըն

Անկասկած, որ այս աստուածավախ, շատ երիտասարդ ու գեղեցիկ օրիորդը իր նմաններուն պէս կը փափաքէր ուսում ստանալ եւ ատենին կազմել ընտանիք մը ու ըլլալ տիպար կին ու տիպար մայր. սակայն, աստուածային ծրագիրը ուրիշ էր իրեն համար։ Եւ ինք առանց տրտնջալու, այլ մանաւանդ սիրով ու ամենայն հնազանդութեամբ ընթացք տուաւ անոր։

Մարիան պէտք էր ձգեր իր գեղեցիկ եւ խաղաղ երկիրը՝ Դանիան (Denmark), գոյնզգոյն ծաղիկները, բնութիւնը, իր ընտանեկան տաքուկ եւ սիրալիր մթնոլորտը՝ ծնողք, եղբայր, քոյր, ու ճամբորդէր հեռուները. երկիր մը, ուր միայն ահ ու սարսափ, վախ ու եաթաղան, արիւն ու բռնաբարում կար։ Կային նաեւ վախի, անորոշութեան, խաւարի ու առանձնութեան մէջ մնացած անօթի ու բոկոտն ձագուկներ, որոնք ականատես եղած էին իրենց ծնողներու տանջանքին ու ոմանց գլխատումին։

Այս ի՜նչ գազանային մթնոլորտ… Աստուած իմ, ո՞վ տէր պիտի կենար այս անտէր որբուկներուն։

Մանկամարդ Մարիա Եագոպսըն առանց երկմտելու 1907-ին կը հասնի Խարբերդ ու կը սկսի իր անզուգական մարդասիրական գործունէութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ իր մահը՝ 1960 Ապրիլին՝ Լիբանանի Ճիպէյլ հնամեայ քաղաքի Թռչնոց Բոյն հայ տան մէջ։

Մարիա Եագոպսըն նժարի մէկ կողմին վրայ դրաւ իր երկիրը, անոր գեղեցկութիւնը, սիրելի ծնողքը, քոյրը, եղբայրը, մտերիմները, իսկ միւս կողմը՝ տէր կանգնիլը հազարաւոր դժբախտ, որբացած հայ տղոց եւ աղջիկներու՝ պահելով, պատսպարելով, բուժելով, խնամելով, սիրով ամոքելով իրենց աներեւակայելի ցաւերը։ Եւ այս կողմը աւելի ծանր կշռեց՝ զինքը արժանաւորապէս դարձնելով մեծ մարդասէրն ու հայասէրը եւ հազարաւոր որբերու արժանաւոր «Մամա»ն։

Անկասկած, որ ամէնօրեայ մտահոգութիւն էր մօտ 3600-էն աւելի դժբախտ որբուկներու ապահովութիւնը, անոնց բուժումը, դեղորայքը, ուտելիքը ապահովումը այդ սեւ ու շատ վտանգաւոր օրերուն մէջ։

Մարիա չընկրկեցաւ, այլ՝ շարունակեց իր փշոտ ճամբան, միշտ վեր նայելով, փոխանակ կեդրոնանալու փուշերուն ու անորոշութեանց եւ դժբախտութեանց վրայ։

***

Մի քանի տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուի ծրագիր մը մէջտեղ բերելու առ ի երախտագիտութիւն Աստուծոյ եւ պատուելու համար այս սքանչելի «Աննման Մամա»ն, որպէս ներկայացուցիչը այլ «մամա»ներու, որոնք նոյնպէս իրենց կեանքերը վտանգեցին, որպէսզի ամոքեն մարդկօրէն անդարմանելի ցաւը հազարաւոր հայու բեկորներու։

Այս ձեռնարկի պատրաստութեան նախօրեակին պզտիկ հանդիպում մը ունեցանք, ուր տիկին մը մեր յանձնախումբի անդամներէն մէկուն կը հարցնէր թէ ինք Թռչնոց Բոյնի որբերէ՞ն է։ Պատասխանը՝ ոչ։ «Հապա ինչո՞ւ դուք այս գործը նախաձեռնեցիք», կը հարցուի այս անգամ։ Պատասխանը՝ «Եթէ ես ջարդի օրերուն ապրէի եւ այդ դժբախտութեանց մէջ Մարիա Եագոպսըն զիս ալ գտնէր անտէր ու անտիրական, անկասկած զիս ալ (ձեզ ալ) պիտի առնէր իր հոգատար ու սիրալիր մայրական թեւերուն տակ։ Մարիա Եագոպսըն իմ ալ «մամա»ն պիտի ըլլար, ինչպէս նաեւ մէն մի հայու, եւ առ այդ կը նկատենք զինք Ամենայն Հայոց Մաման»։

Այս մեծ մարդասէրին երկրորդ սերունդի լիբանանեան Ճիպէյլ (Byblos) քաղաքի Թռչնոց Բոյնի որբերէն մէկն է մեզի պատիւ բերող հայազգի Sir Վարդան Մելքոնեանը, որ այսօր Անգլիոյ Royal Philharmonic Orchestra-ի նշանաւոր խմբավարն է։ Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ այս հանրաճանաչ Maestro-ն մի քանի շաբաթէն Լոս Անճելըս կը ժամանէ յատկապէս ղեկավարելու նուագահանդէս մը, ուր ի մէջ այլոց, պիտի նուագուի դասական գեղեցիկ կտոր մը, որ ինք յօրինած է ի պատիւ «մամա»ին։

Նուագահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21-ին՝ Կլենտէյլի Presbyterian եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երկու օր ետք, Հոկտեմբեր 23-ին Մարիա Եագոպսընի կիսանդրիի բացումը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ Տանըմարքական Սոլվէնկ քաղաքին մէջ։

Կոչ կ՚ընենք մեր սիրելի ժողովուրդին, որ բոլորս անխտիր ներկայ գտնուինք այս զոյգ ձեռնարկներուն՝ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու անզուգական մարդասէրին, դանիացի սքանչելի ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք աստուածային սիրով նեցուկ կեցան հայ որբերուն։

Յիշեցնենք, որ տեղեկագրութիւն պիտի ղրկուի նաեւ դանիական թերթերուն։

Նուագահանդէսի տոմսակները կրնաք ձեռք բերել itsmyseat.com կայքէջէն։

Մանրամասնութեանց, ինչպէս նաեւ տոմսակներու համար կրնաք հեռաձայնել՝

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին՝ (818)523-3353

Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանին՝ (818)384-6885

Պրն. Յակոբ Յովհաննէսեանին՝ (818)590-8668

 

Վահէ Մխիթարեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ