Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 2798–րդ տարեդարձը

Երեւանը Հոկտեմբեր 8-ին կը նշէ իր հիմնադրութեան 2798–րդ տարեդարձը: «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուայ կարգախօսն է`«Երեւան, արեւի քաղաք»:

Ք.ա. 9-րդ դարուն Հայկական լեռնաշխարհի Վանայ իլճի աւազանին մէջ յառաջացաւ Վանի հայկական (Արարատեան) թագաւորութիւնը, որ ժամանակի ամենազարգացած տէրութիւններէն էր: Արգիշտի Առաջինը տիրակալութեան 5-րդ տարին կառուցեցաւ նոր բերդաքաղաք:

«Խալդ աստուծոյ մեծութեամբ Արգիշտին` Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց էրեբունի քաղաք` ի հզօրութիւն Բիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամիներու: Արգիշտին կ՛ըսէ… Հողն ամայի էր, այստեղ ես մեծ գործեր կատարեցի: Խալդ աստծոյ մեծութեամբ Արգիշտի` Մենուայի որդի, արքայ հզօր, արքայ Բիայնի երկրի, տէրը Տուշպայ քաղաքի»:

Նոյն այս արձանագրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է յստակեցնելու Երեւանի հիմնադրման տարեթիւը` ք.ա. 782 թուական, եւ կը համարուի քաղաքի «ծննդական»ը: Էրեբունի-Երեւանը հիմնադրուած է Հռոմէն 29 տարի առաջ, Բաբելոնի ու Նինուէի հասակակիցն է, բայց, ի տարբերութիւն վերջիններուս, դարձած է 21-րդ դարու ծաղկուն քաղաքներէն մէկը:

«Էրեբունի-Երեւան»-ի առաջին պաշտօնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 1968 թուականի Հոկտեմբերին, երբ կը նշուէր մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 2750-րդ տարեդարձը: Յոբելեանական հանդիսութիւնները տեւած են մօտ մէկ շաբաթ: Այդ օրերուն հրատարակուած են Երեւանի պատմութիւնը ներկայացնող նոր գիրքեր, ցուցադրուած են  Երեւանի առօրեան արտացոլող նոր ֆիլմեր, բացուած են ցուցահանդէսներ, ստեղծուած Երեւանի մասին նոր երգեր, իսկ 2750-հոգինոց երգչախումբը առաջին անգամ կատարած է «էրեբունի-Երեւան» օրհներգը:

Նշանակալից իրադարձութիւններէն էր նաեւ Երեւանի հիմնադրման թանգարանի բացումը Արին-բերդ բլուրի ստորոտին: Թանգարանին յարող փողոցը անուանակոչուեցաւ «Էրեբունի», բացուեցաւ 2750 շատրուաններով պուրակը, աղբիւր-յուշարձան տեղադրուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, նախագծուեցաւ «Էրեբունի» գորգը, 2750 ծառ տնկուեցաւ Արին-բերդի ստորոտին, իսկ յոբելեանական բազմաթիւ ձեռնարկները եզրափակուեցան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ` հանրահաւաք-տօնահանդէսով:

Այս տարի օրուան նուիրուած ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան նախորդ տարիներու համեմատ աւելի համեստ ձեւաչափով եւ միայն մէկ օր:

Երեւանի քաղաքապետարանը որոշած է 2015-ի համեմատ կրկնակի նուազեցնել Էրեբունի-Երեւան տօնակատարութեան համար նախատեսուող պիւտճէն: Տօնակատարութեան մասով աւագանիին կողմէ հաստատուած պիւտճէով 130 միլիոն դրամ հաստատուած էր, սակայն պիտի ծախսուի 65 միլիոն դրամ ձեռնարկներուն համար:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ