Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

«Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» խմբաւորումը ստանձներ է Պոլսոյ մօտ տեղի ունեցած պայթումը

Պոլսոյ Եէնի Պոսնիա թաղամասի մէջ ոստիկանութեան շէնքի մօտ 6 հոկտեմբերին տեղի  ունեցած յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» (TAK) խմբաւորումը: Ըստ թրքական «Sabah»-ի՝  այդ մասին նշուած է TAK-ի կայքին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 6 հոկտեմբերին Պոլսոյ Եէնի Պոսնիա թաղամասին մէջ գտնուող ոստիկանական բաժանմունքի դիմաց պայթած էր ականուած ինքնաշարժ մը: Պայթումի հետեւանքով 10 մարդ վիրաւորուած էր:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ