Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող 23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի քոնկրէսի ծիրէն ներս ելոյթով հանդէս եկած են Ռուսաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները: Թրքական «Yenişafak» պարբերականի համաձայն՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իր ելոյթին մէջ թուրք-ազրպէյճանական սերտ համագործակցութեան վերաբերեալ կարեւոր շեշտադրումներ ըրած է:
Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք ներկայիս այլ երկիրներու մէջ մեծ ներդրումներ կ’ընենք: Այդ երկիրներէն մէկը Թուրքիան է: Այստեղ կը պատրաստուինք 20 միլիառ տոլար ներդրում ընել»:
Իր խօսքին մէջ Ալիեւը, անգամ մը եւս շեշտելով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ իր ջերմ յարաբերութիւնները, ըսած է. «Մեր եղբայրութիւնը յաւերժ է»: