Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը

Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին, որ կը կրէ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը եւ նուիրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: Քառօրեայ համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ Հոկտեմբեր 24, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:

Համաժողովին կը մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ:

Բացման սկիզբը, մասնաւցութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարին եւ ՀՀ փոխադրամիջոցներու նախարարի տեղակալին՝  կատարուեցաւ գրող Սրբուհի Տիւսաբին նուիրուած դրոշմաթուղթին մարումը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Այնուհետեւ կարդացուեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձն ու Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը:

14793715_10154793800379369_1437578865_n

 

1

 

14813451_10154793800549369_1509275270_n

 

14793845_10154793800544369_1352903646_n

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ