Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները ողջ են եւ կը գտնուին Տահէշի մօտ

Սուրբ Յակոբ վանքի գլխաւոր մայրապետ Մայր Ագնէսի փոխանցմամբ 2013-էն ի վեր Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները տակաւին ողջ են եւ կը գտնուին Տահէշի կեդրոնատեղի համարուող Ռաքքայի մէջ: Մայրապետը, որ երկու օր առաջ Մոսկուայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիս մը տուած է, յայտնած է, թէ Յոյն Ողղափառ համայնքիՊատրիարքարանի (կեդրոնատեղին՝ Դամասկոս) տիրապետած տեղեկութիւններուն համաձայն, առեւանգուածներ՝ Եոհաննա Իպրահիմ (Հալէպի Ասորի Ողղափառ համայնքի եպիսկոպոս) եւ Պուլոս Եազըճի (Հալէպի Յոյն Ողղափառ համայնքի եպիսկոպոս) կը գտնուին Ռաքքա: Ան աւելցուցած է, թէ եկեղեցին կ′աղօթէ եւ կ′ակնկալէ, որ եպիսկոպոսները ազատ արձակուին, նախքան՝ Ռաքքայի վճռական յարձակման սկսիլը: Անցեալ դեկտեմբերին, երկու եպիսկոպոսներուն՝ Իպրահիմի եւ Եազճիի (Յոյն Ուղղափառներու գործող Եոհաննա Եազըճիի եղբայրը) մասին փոխանցուած տեղեկագրեր յայտնած են, թէսրբազանները մահապատիժի ենթարկուած են: Աւելի ուշ սակայն եկեղեցական աղբիւրներ ժխտած են այդ տեղեկութիւնները եւ հաստատած, թէ առեւանգուածները տակաւին կենդանի են:  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ