Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ռուս-ազրպէյճանական 7-րդ տարածաշրջանային ֆորումի մասնակիցներուն ուղղուած ողջոյնի նամակին մէջ յայտարարած է, որ Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններ կան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն:
Համաժողովին քննարկուած են Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան հարցեր, հեռանկարային ենթակառուցուածքային նախագիծեր, միջտարածաշրջանային ոլորտի մէջ տնտեսական համագործակցութեան հարցեր եւ այլն:
«Ռուսաստանին եւ Ազրպէյճանին կը կապեն բարեկամական յարաբերութիւններ: Վստահ եմ, որ այս հանդիպումը կ’անցնի կառուցողական երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ, օրակարգի մէջ տեղ կը գտնեն տնտեսական եւ ֆինանսական փոխգործակցութիւնը ընդլայնելու հարցեր»,- ըսուած է նամակին մէջ, որ ընթերցած է ՌԴ նախագահի միջտարածաշրջանային եւ օտարերկրեայ պետութիւններու հետ մշակութային կապերու վարչութեան ղեկավար Վլատիմիր Չեռնովը: