Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին 8 նոյեմբերին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Իտալիոյ արտգործնախարարին ուղեկցած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Փաոլօ Ճենտիլոնին ծաղկեպսակ տեղադրեց յուշահամալիրի, իտալական պատուիրակութեան անդամներու հետ ծաղիկներ խոնարհեց յաւերժական կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Մեծ Եղեռնին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, բացատրեց կոթողի խորհրդանշական իմաստը:
Հրաժեշտէն առաջ Հայկ Դեմոյեան Փաոլօ Ճենտիլոնիին նուիրեց «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերին» գիրքի անգլերէն հրատարակութիւնը: